Նասիմ Թալէպ կը մերժէ Ազերպայճանի հրաւէրը՝ Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութեան պատճառով

Նասիմ Թալէպ

«Քանի դեռ Ռուբէն Վարդանեանը հոն բանտարկուած է, ես Ազերպայճան ոտք պիտի չդնեմ»,– գրած է համաշխարհային համբաւ վայելող ռիսքերու վերլուծաբան եւ յայտնի գրող Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ։

Լիբանանա-ամերիկացի թուաբանագէտ-վիճակագիրը, որ ներկայիս կը դասաւանդէ Նիւ Եորքի համալսարանին (NYU) մէջ, հրաւիրուած էր դասախօսութեամբ հանդէս գալու Ազերպայճանի մէջ։ Առաջարկը մերժելէն ետք, ազերպայճանական իշխանութիւնները զգալիօրէն բարձրացուցած են խոստացուած վարձատրութիւնը, սակայն դասախօսը անդրդուելի մնացած է իր դիրքորոշման մէջ։

«Զիս հրաւիրած էին Ազերպայճան՝ դասախօսութեան մը համար։ Ես մերժեցի (անոնք հսկայական չափով բարձրացուցին իրենց առաջարկը՝ չըմբռնելով իմ բարոյական սկզբունքներս եւ կարծելով, թէ ատիկա բան մը պիտի փոխէր)»,– նշած է Թալէպ:

Աւելի ուշ կատարուած այլ գրառումով մը ան յաւելեալ հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է. «Այն իրողութիւնը, որ կառավարութիւն մը կը գնահատէ իմ աշխատանքս, չի պարտաւորեցներ զիս նոյն ձեւով վերաբերելու իր հետ: Ես անշարժ գոյքի վաճառական չեմ»։

Յիշեցնենք, որ Ռուբէն Վարդանեանն ու Արցախի այլ պաշտօնատարներ 2023 թուականէն ի վեր բանտարկուած կը մնան Ազերպայճանի մէջ։