Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուեցաւ 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ

Ռուբէն Ռուբինեան

Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած էր Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը։ Օգոստոս 3-ին, Խորհրդարանի 105 երեսփոխաններէն քուէարկութեան մասնակցեցան 91-ը։ Այս մասին 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին յայտնեց Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Մինասեան։

«Քուէատուփին մէջ կար 91 քուէաթերթիկ, որոնցմէ ոչ մէկը անվաւեր նկատուած է։ Ձայները բաշխուեցան հետեւեալ կերպով. Ռուբէն Ռուբինեան՝ 63 թեր, 28 դէմ», նշեց ան։

Ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, Ռուբէն Ռուբինեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցներուն՝ իր թեկնածութիւնը առաջադրելնուն եւ իրեն ի նպաստ քուէարկելնուն համար։

“Ասիկա ինծի համար մեծագոյն պատիւ է, եւ ես այժմ ամբողջութեամբ կը գիտակցիմ այն պատասխանատւութեան, որ կը բխի այս որոշումէն։ Ամէն ինչ պիտի ընեմ ձեզ յուսախաբ չընելու համար։ Յարգելի՛ ընդդիմադիր գործընկերներ, այն փաստը, որ դուք ինծի ի նպաստ չէք քուէարկած, ոչինչ կը փոխէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ. ես կը պատրաստուիմ ըլլալու ամբողջ Ազգային ժողովի նախագահը”,– յայտարարեց Ռուբինեան։