Քրեմլին կը յայտարարէ. «Եթէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը այլեւս անհրաժեշտ չէ, Երեւան ազատ է հեռանալու»
Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստան կրնայ լքել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), եթէ Երեւան այլեւս անհրաժեշտ չի նկատեր իր անդամակցութիւնը։
Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը, թէ Երեւան գոհ պիտի ըլլար, եթէ ՀԱՊԿ-ն որոշէր հեռացնել Հայաստանը կազմակերպութենէն՝ Քրեմլինի ներկայացուցիչը նշած է, որ կը դժուարանայ հասկնալ նման ձեւակերպումը։
“Եթէ Երեւան, մեկնելով իր ազգային շահերէն, այլեւս կարիք չունի անդամակցելու տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման համար այսքան կարեւոր կազմակերպութեան մը, ազատ է համապատասխան որոշում կայացնելու եւ հեռանալու”,– ըսած է Փեսքով։
Ան վերահաստատած է, որ ցարդ որեւէ պաշտօնական ծանուցում կամ փաստաթուղթ չկայ ՀԱՊԿ-ն լքելու Հայաստանի ծրագրերուն մասին եւ որ հայկական կողմը մինչեւ հիմա պարզապէս յայտարարած է իր անդամակցութեան սառեցման մասին:
Յիշեցնենք, որ Երեւան արդէն չորրորդ տարին ըլլալով պոյքոթի կ՚ենթարկէ ռազմական այս դաշինքին աշխատանքները։ 2022-ին Հայաստանի վրայ ազերպայճանական յարձակումէն ետք, երբ ՀԱՊԿ-ն ոչ միայն օգնութիւն չցուցաբերեց, այլեւ քաղաքական գնահատական չտուաւ հայկական տարածքներու բռնագրաւման, Երեւան դադրեցաւ մասնակցելէ կառոյցի աշխատանքներուն, հրաժարեցաւ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի իր իրաւունքէն եւ 2024 Փետրուարին սառեցուց իր անդամակցութիւնը՝ դադրեցնելով նաեւ անդամավճարի մուծումը։
