Ութ հայկական ձեռագրերու «փրկութեան» ձախողած փորձը

Ձեռագրեր

Մարմարա համալսարանի գիտաշխատող Կիւլէր Տողան Աւերպեքի հեղինակած մէկ ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է ձեռագրերու եւ հնատիպ գիրքերու նուիրուած «Quaerendo» հանդէսին մէջ, կ՚անդրադառնայ 1937-1938 թուականներուն արեւելագէտ Օսքար Ռեշերի (Oskar Rescher) կողմէ Պոլսոյ մէջ գտնուող ութ հայկական ձեռագրեր Աւստրիոյ Ազգային գրադարանին վաճառելու ձախողած փորձին։

Թէեւ գրադարանը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, բանակցութիւնները փակուղի մտան, քանի որ Ռեշեր այս գործարքը կ՚օգտագործէր իսլամական ձեռագրերու այլ հաւաքածոյի մը վճարման շուրջ ծագած վէճերը լուծելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, ձեռագրերու անհամբեր սեփականատէրերը հաւանաբար սկսած էին այլ գնորդներ փնտռել:

Ի վերջոյ, 1938-ին Աւստրիոյ ռազմաքաղաքական կցումին (Անշլուս) եւ անկէ բխած աշխարհաքաղաքական ու վարչական վերիվայրումներուն պատճառով, վաճառքի այս գործընթացը վերջնապէս խափանուեցաւ։ Այս ձախողութեան պատճառով, Աւստրիոյ Ազգային գրադարանի հայկական հաւաքածոն զրկուեցաւ արժէքաւոր ձեռքբերումէ մը, եւ ինչ որ աւելի ցաւալի է, մսխուեցաւ պատմական այս ձեռագրերը «փրկելու» եզակի առիթը։

Հրաչ Չիլինկիրեանի դիմագիրքեան էջէն