Քրեմլին չի մեկնաբաներ հայաստանեան վերջին զարգացումները
Քրեմլին մերժած է մեկնաբանել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները, ներառեալ՝ երկրի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի ձերբակալութիւնը՝ նշելով, որ Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացները բարդ բնոյթ կը կրեն։
“Այս պահուն չեմ փափաքիր մեկնաբանել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական իրադարձութիւնները։ Հոն շատ բարդ գործընթացներ կ’ընթանան”,– ըստ «Ինթերֆաքս»-ի յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։ Ան այսպէս արձագանգած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէ ընդդիմութեան հասցէին հնչած մեղադրանքներն ու Քոչարեանի ձերբակալութիւնը մեկնաբանելու մասին լրագրողներու խնդրանքին:
Միեւնոյն ժամանակ, Քրեմլինի բանբերը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բոլոր գործընթացները «պիտի իրականացուին օրէնքին համապատասխան՝ պահպանելով քաղաքական գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն իրաւունքները»։
