Ռոբերտ Քոչարեանը հիւանդանոցէն տեղափոխուած է դատարան
Բանտարկութեան դիմում ներկայացուած է
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան Օգոստոս 26-ին հիւանդանոցէն տեղափոխուած է Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) դատարան։ Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբանը՝ Արամ Օրբէլեան։
Եղծանման դէմ պայքարի կոմիտէի մամլոյ բանբեր Մարինա Օհանջանեան իր կարգին տեղեկացուած է, որ մեծ չափով գումարներու լուացմամբ, պաշտօնական դիրքի չարաշահմամբ եւ կաշառք ստանալով մեղադրուող նախկին նախագահը առաջնորդուած է դատարան եւ արդէն ներկայացուած է զինք բանտարկելու դիմում։ Առայժմ փաստաբաններուն չէ ծանուցուած, թէ ո՛ր դատաւորին յանձնուած է գործը:
Յիշեցնենք, որ Ռոբերտ Քոչարեան նախորդ օրուընէ ի վեր կը գտնուէր հիւանդանոցը։ Անոր ինքնազգացողութիւնը վատթարացած էր Եղծանման դէմ պայքարի կոմիտէին մէջ, ուրկէ ան տեղափոխուած էր «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն։ Ըստ անոր որդիին՝ Լեւոն Քոչարեանի, նախկին նախագահը մօտ երկու շաբաթ առաջ սրտի վիրահատութեան ենթարկուած էր եւ բժիշկները նախորդ օրը թոյլ չէին տուած զայն տանիլ դատարան։
