Կառավարութեան բեկումնային ծրագիրը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հայաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղովը վա­ւերա­ցուց 2026-2031 ժամանակաշրջանի կա­ռավա­րական ծրա­գիրը՝ 63 թեր եւ 24 դէմ քուէնե­րով։ Նոր ծրա­գիրը ար­մա­տապէս կը շե­ղի նա­խորդ՝ 2021-2026 թուական­նե­րու հնգա­մեայ ծրա­գրի նպա­տակադ­րումնե­րէն։ Առաջ­նա­հերթութիւննե­րը այ­լեւս նոյ­նը չեն։ «Քա­ղա­քա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակ­ցու­թեան հա­մար 2026 Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րու ար­դիւնքը այն յաղ­թա­թուղթն է, որ ազա­տու­թիւն կու տայ խզե­լու 1990-ական­նե­րէն ի վեր հաս­տա­տուած ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րախօ­սու­թեան դրոյթնե­րը։ Այն դրոյթ­նե­րը, որոնք կը մի­տէին հայ ժո­ղո­վուրդի պատ­մա­կան իրա­ւունքնե­րու եւ ար­դա­րու­թեան վե­րականգնման, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման եւ Ռու­սաստա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան երաշ­խա­ւոր­ման։

Օգոս­տոս 24-ին, Ազ­գա­յին ժո­ղովի ամ­պիոնէն, վար­չա­պետ Փա­շինեան վե­րահաս­տա­տեց «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան գոր­ծառնա­կան հիմ­նա­կան նպա­տակ։ Անի­կա կը հիմ­նուի Ալ­մա-Աթա­յի մէջ հաս­տա­տուած եւ մի­ջազ­գայնօ­րէն ճանչցուած 29.743 քա­ռակու­սի քի­լոմեթր տա­րած­քին մէջ պե­տակա­նու­թիւնը սահ­մա­նելու սկզբունքին վրայ, նպա­տակ ու­նե­նալով քա­ղաքա­ցինե­րուն ապա­հովել խա­ղաղու­թիւն, ան­վտան­գութիւն, բա­րեկե­ցու­թիւն եւ տնտե­սական զար­գա­ցում։

Խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գի գլխա­ւոր հանգրուան­նե­րէն են Ազեր­պայ­ճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դաշ­նա­գրի ստո­րագ­րումն ու Թուրքիոյ հետ սահ­մա­նի բա­ցու­մը։

Խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գի իրա­գործման ամէ­նէն դժուարին օղա­կը նոր Սահ­մա­նադ­րութեան ըն­դունումն է։ Անոր գլխա­ւոր խնդրա­յարոյց կէ­տը Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագի­րին կա­տարուած յղու­մի ջնջումն է։ Ան­կախ այն իրո­ղու­թե­նէն, թէ կա­ռավա­րու­թիւնը՝ խորհրդա­րանի եր­կու եր­րորդի մե­ծամաս­նութիւ­նը չու­նե­նալով՝ որ­քա­նո՞վ պիտի յա­ջողի քուէ­ար­կել զայն, այս նոր Սահ­մա­նա­դ­րութիւ­նը հա­մայն հա­յու­թիւնը կը դնէ նոր իրադ­րութեան մը դէմ-յան­դի­ման, որուն ան նա­խապատ­րաս­տուած չէ։ Ասի­կա յատ­կա­պէս ճիշդ է աւան­դական Սփիւռքի եւ ար­ցախ­ցի­ներուն պա­րագա­յին, որոնց ինքնու­թիւնը դրոշ­մուած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թեամբ եւ բռնի տե­ղահա­նու­թեամբ։

Ամե­րիկա­յի Միացեալ Նա­հանգնե­րուն հետ նա­խատե­սուած հա­ղոր­դակցու­թեան ու­ղի­ներու TRIPP ծրագիրը՝ Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու կա­րեւոր քայ­լե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով հան­դերձ, կո­չուած է նաեւ խթա­նելու տնտե­սա­կան զար­գա­ցու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի եր­կա­թու­ղի­ները կա­պելով մի­ջազ­գա­յին ցան­ցին։ Ճիշդ այս կէ­տին վրայ է, որ լուրջ խնդիր կը ծա­գի. Հա­յաս­տա­նի եր­կա­թու­ղի­ներու կա­ռավա­րու­մը պե­տա­կան հա­մաձայ­նա­գրով յանձնուած ըլ­լա­լով Ռու­սաստա­նին, իսկ վեր­ջինս ալ Արեւ­մուտքի պատ­ժա­միջոց­նե­րուն են­թա­կայ ըլ­լա­լով, մի­ջազ­գա­յին ներ­դրող­նե­րու հա­մար կը ստեղ­ծուի ան­կա­րելի իրա­վիճակ մը։ Ահա­ւասիկ այն դժուարին թղթած­րարնե­րէն մէ­կը, որ դէմ-յան­դի­ման կը դնէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաստա­նի պե­տական շա­հե­րը։

Շեշ­տա­կի փո­փոխու­թեան են­թար­կուած են նաեւ ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը. նոր հնգա­մեայ ծրա­գրին մէջ Ռու­սաստան այ­լեւս չի նշուիր իբ­րեւ ռազ­մա­վարա­կան դաշ­նա­կից։ Ան կը կորսնցնէ իր առաջ­նա­կարգ դիր­քը՝ ի նպաստ Հա­յաս­տա­նի չորս դրա­ցի եր­կիրնե­րուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ու, Եւ­րո­պական Միու­թեան, Ֆրան­սա­յի եւ Չի­նաս­տա­նի հետ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծակցու­թեան։ Ըն­թա­ցիկ հնգա­մեայ ծրա­գիրը նպա­տակադ­րած է խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը՝ հիմ­նուած «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի գա­ղափա­րախօ­սու­թեան վրայ։

Խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գին զու­գա­հեռ, կա­ռավա­րու­թիւնը երկրին ներ­սը կը շա­րու­նա­կէ հե­տապնդել ժողովրդա­վարա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը, ար­դա­րա­դա­տութեան հաս­տա­տումն ու ապօ­րի­նի ծագում ու­նե­ցող գոյ­քի բռնա­գ­րա­ւու­մը։ 

Այս ուղղու­թեամբ առ­նուած գործնա­կան քայ­լե­րը ար­դէն իսկ տե­սա­նե­լի են նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րուն դէմ վեր­ջերս սկսած քրէա­կան հե­տա­պնդում­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ երկ­րի մե­ծագոյն օլի­կարխ­նե­րուն՝ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի ու Գա­գիկ Ծա­ռու­կ­եանի դէմ յա­րու­ցուած դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րով։ Այս ծի­րին մէջ, ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գի բա­րե­փո­խու­մը կը մնայ կա­ռավա­րու­թեան առաջ­նա­հերթ աշ­խա­տանքնե­րէն մէ­կը, քան­զի չի կրնար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ խա­ղաղու­թիւն առանց իրա­ւա­կան պե­տու­թեան եւ ըն­կե­րային ար­դա­րու­թեան։

Ժ.Չ. ■