«Standard & Poor’s»-ը կը պահպանէ Հայաստանի վարկանիշը՝ դրական հեռանկարով
«Standard & Poor’s» (S&P) միջազգային վարկանշային գործակալութիւնը Հայաստանի պետական վարկանիշը պահպանած է «BB-» մակարդակի վրայ՝ դրական հեռանկարով։ Այս գնահատականը բաց կը ձգէ վարկանիշի ապագայ բարձրացման դուռը, մինչ երկիրը կը կուտակէ արտարժոյթի աննախադէպ պահեստներ եւ կը ձգտի նուազեցնել աշխարհաքաղաքական վտանգները՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը միջոցով։
Օգոստոս 21-ին հրապարակուած զեկոյցին մէջ, գործակալութիւնը Հայաստանի երկարաժամկէտ արտարժոյթի եւ տեղական դրամանիշի վարկանիշերը հաստատած է «BB-», իսկ կարճաժամկէտ վարկանիշերը՝ «B» մակարդակին վրայ: Ըստ S&P-ի՝ վարկանիշի բարձրացում կրնայ արձանագրուիլ, եթէ Հայաստան շարունակէ ամրապնդել իր արտաքին ելեւմտական վիճակ եւ յաւելեալ յառաջխաղացք արձանագրէ տարածաշրջանային անվտանգութեան աւելի կայուն միջավայր ստեղծելու ուղղութեամբ:
