Ռոբերտ եւ Սեդրակ Քոչարեան ձերբակալուած են

Սեդրակ եւ Ռոբերտ Քոչարեան

Ծանր մեղադրանքներ յարուցուած են անոնց դէմ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին եւ անոր որդւոյն՝ գործարար Սեդրակ Քոչարեանին դէմ ծանր մեղադրանքներ առաջադրուած են պաշտօնական դիրքի չարաշահման, մեծածաւալ գումարներու լուացման եւ մեծ չափով կաշառք ստանալու յօդուածներով։ Օգոստոս 25-ի կանուխ ժամերուն, ԱԱԾ-ի ուժերուն մասնակցութեամբ կատարուած ստուար գործողութեամբ մը անոնք ձերբակալուած են։ Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) կոմիտէն դատարանէն պահանջած է անոնց բանտարկութիւնը։ Նոյն գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած են նաեւ Քոչարեաններուն առնչուած ընկերութիւններու չորս տնօրէններ:

Իրաւապահները առաւօտեան խուզարկութիւններ կատարած են Քոչարեաններու, ներառեալ՝ երեսփոխան Լեւոն Քոչարեանի բնակարաններուն ու գրասենեակներուն մէջ, նախքան նախկին նախագահը Եղծանման դէմ պայքարի կոմիտէ փոխադրելը։ Քննչական գործողութիւններու ընթացքին Ռոբերտ Քոչարեանի առողջական վիճակը վատթարացած է, եւ ան շտապօգնութեան կառքով հրատապ կերպով հիւանդանոց փոխադրուած է:

Ըստ նախաքննութեան՝ նախկին նախագահը իր դիրքը չարաշահելով, շուկայականէն խիստ ցած գիներով պետական արժէքաւոր գոյքեր եւ հաստատութիւններ սեփականաշնորհած է։ Կը քննուին նաեւ հարիւրմիլիոնաւոր տոլարներու եւ եւրոներու հասնող դրամական փոխանցումներու եւ բազմաթիւ անշարժ գոյքերու ձեռքբերման օրինականութիւնը, որոնց վրայ այժմ արգելանք դնելու գործընթաց սկսած է։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը այս զարգացումները կը նկատէ քաղաքական հաշուեյարդար՝ զանոնք կապելով նախորդ օրը խորհրդարանին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Քոչարեանի միջեւ տեղի ունեցած սուր բանավէճին հետ: Իշխանութիւնները կը հերքեն քաղաքական դրդապատճառները՝ պնդելով, որ խնդիրը բացառապէս ապօրինի հարստացման կը վերաբերի: