Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ «ACT» գոլէճը ստացաւ «Apple»-ի պաշտօնական կրթական հաւատարմագիրը
Երեւանի մերձակայ Փարաքար համայնքին մէջ գործող «ACT» գոլէճը ստացած է «Apple Authorized Training Center for Education» (AATCE) պաշտօնական հաւատարմագիրը՝ դառնալով Հայաստանի մէջ առաջին կրթական հաստատութիւնը, որ կ՚արժանանայ «Apple»-ի կրթական վկայագրման այս բարձր կարգավիճակին:
Այս հաւատարմագրումը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ գոլէճին տեղական մակարդակով դասաւանդելու «Apple»-ի կողմէ վաւերացուած ծրագրեր եւ ուսանողները պատրաստելու ընկերութեան միջազգային ճանաչում ունեցող մասնագիտական քննութիւններուն։ Ուսուցման հիմնական շեշտը պիտի դրուի «Swift» եւ «SwiftUI» ծրագրերու միջոցով «iOS» յաւելուածներու (app) մշակման վրայ: AATCE-ի կարգավիճակ ստանալու պահանջներուն գոհացում տալու համար, հաստատութիւնը հիմնած է «Mac» համակարգիչներով եւ փորձարկման սարքաւորումներով կահաւորուած յատուկ աշխատանոց մը, ինչպէս նաեւ ապահոված է վկայագրուած դասախօսական կազմ:
2025-ին հիմնադրուած «ACT»-ը արտօնագրուած մասնագիտական եւ արհեստագիտական ուսումնարան մըն է, որ կը մասնագիտանայ համակարգչային գիտութիւններու, թուային արուեստի եւ ճարտարագիտութեան մարզերուն մէջ: Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են «Apple»-ի ներկայացուցիչներ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեանը։ Այս կարեւոր իրագործումը փաստօրէն առիթ կ’ընծայէ հայ ուսանողներուն տիրանալու «Apple»-ի միջազգային վկայականներու՝ առանց արտասահման մեկնելու անհրաժեշտութեան:
