CCAF-ի ցոյցը |
Ընդառաջելով CCAF-ի կոչին՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 26-ի յետմիջօրէին, անձրեւոտ օդով, շուրջ հազար հոգի հաւաքուած էր Ազէրպայճանի Փարիզի դեսպանատան դիմաց, պահանջելու համար Արցախեան պատերազմին գերեվարուած հայորդիներու անյապաղ ազատ արձակումը։ Այս առթիւ խօսք առին CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան, Արա Թորանեան, Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժիւլ Պոյաճեան, նաեւ ֆրանսական քաղաքական դասու պաշտօնական դէմքեր բոլոր հոսանքները ներկայացնող, ինչպէս՝ Իզապէլ Սանթիակօ (ընկերավարական), Փաթրիք Քարամ (հանրապետական), Փիէր Ուզուլիաս (համայնավար), Արթիւր Խանճեան (կեդրոն), Ալեքսի Կէօվճեան (իշխանութեան «Յառաջացող Հանրապետութիւնը» կուսակցութիւն)։ Նոյնիսկ Վան քաղաքի HDP-ական նախկին քաղաքապետ, Էրտողանի վարչակարգին կողմէ պաշտօնազրկուելէ ետք Ֆրանսա աքսորուած Վեյսէլ Քեսեր ներկայ էր ու խօսք առաւ, դատապարտելով թրքական մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը, մարդկային իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները, խստօրէն պարսաւեց Էրտողանի Թուրքիոյ արկածախնդրութիւնները Սուրիոյ մէջ։ Յիշեց նաեւ Վանի մէջ թրքական իշխանութիւններու վայրագութիւնները եւ պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ անոնց անտարբերութիւնը եւ ցեղասպանութեան ժխտումը… ■