Եկեղեցականաց շրջանակին մէջ կը շարունակուին արձագանգները՝ կապուած Հայաստանի վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեան։
Վերջին տուեալներով, նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը յայտնած եւ միացած են հետեւեալ հոգեւորականները.
- Մովսէս քահանայ Աշուրեան
- Գալուստ քահանայ Սահակեան
- Մաշտոց քահանայ Ստեփանեան
- Մկրտիչ քահանայ Մուշատեան
- Պօղոս քահանայ Միքայէլեան
Մովսէս քահանայ Աշուրեան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է.
«Ես՝ Տէր Մովսէս քահանայ Աշուրեանս, կ՚ողջունեմ եւ կ՚աջակցիմ Հայաստանի վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարեկարգման յայտարարութեան՝ միանալով բարենորոգման նախաձեռնութեան»։
Միւս կողմէ, «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարենորոգում» դիմագիրքեան էջը կը տեղեկացնէ Մկրտիչ քահանայ Մուշատեանի միանալուն մասին.
«Ես՝ Տէր Մկրտիչ քահանայ Մուշատեանս, կ՚ողջունեմ ՀՀ վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներուն կողմէ ընդունուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարեկարգման յայտարարութիւնը, կ՚աջակցիմ եւ կը միանամ բարենորոգման յայտարարութեան»։
Յիշեցնենք, որ Յունուար 5-ին, Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան, ողջունելով վարչապետին եւ տասը սրբազաններուն կողմէ կազմուած Համակարգող խորհուրդի ստեղծումը, յայտարարած էր, որ կը միանայ անոնց՝ ընդունելով հռչակագրին բովանդակութիւնն ու ճանապարհային քարտէսը։
***
Մենք, զգուշութիւն համարելով՝ նշեցինք միայն այն հինգ անունները, որոնք մամուլին մէջ «պաշտօնապէս» յայտարարուած են։ Սակայն, ընկերային ցանցերու մէջ Յունուար 10-ին կը խօսուէր մինչեւ քսան անունի մասին։
