Սերժ Սարգսեան շքանշան կը յանձնէ Վլատիմիր Սոլովիովին

«Միջազգային իրաւունքը՝ գրողին ծոցը, Ռուսաստան պէտք է միջամտէ Հայաստանի մէջ»

«Միջազգային իրաւունքն ու համաշխարհային կարգը՝ գրողին ծոցը»-ի դարաշրջանը պաշտօնապէս ծայր առած է

Մեր նախորդ խմբագրականին մէջ՝ անդրադառնալով Վենեզուելայի զարգացումներուն, նշած էինք այդ գործողութեան տեղական, առանձին դատապարտելի հանգամանքէն անդին՝ մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ան կը վերաբերէր միջազգային իրաւունքին եւ համաշխարհային կարգին ամբողջական ոտնահարման եւ այսուհետեւ զանցառման շղթայական վտանգին։ Ու ահա հազիւ շաբաթ մը ետք արդէն կը յայտնուին այդ անիշխանութեան, զանցառման համակիրներ, հետեւորդներ։ 

Այսպէս, ռուսական պետական հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Վլատիմիր Սոլովիով, Կիրակի, Յունուար 11-ի հաղորդումին ընթացքին պնդած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները Ռուսաստանի համար աւելի վճռորոշ են, քան Վենեզուելայի դէպքերը, եւ ռազմական միջամտութեան կոչ ըրած է։ «Խաղը վերջացած է»,– ըսած է Սոլովիով՝ օրինակ բերելով Ուքրաինայի բռնագրաւումը եւ առաջարկելով, որ Ռուսաստան անվտանգութեան նկատառումներով նմանատիպ քայլի դիմէ նաեւ Հայաստանի մէջ։

Սոլովիով իր հաղորդման ընթացքին մասնաւորապէս նշած է. “Մեզի համար Հայաստանի զարգացումները շատ աւելի ցաւալի են, քան ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Վենեզուելայի մէջ։ Հայաստանը կորսնցնելը մեծ խնդիր կը ստեղծէ”։ Ապա շարունակած է. “Պէտք է յստակացնենք մեր նպատակները։ Այլեւս խաղալու ժամանակը անցած է։ Միջազգային իրաւունքն ու համաշխարհային կարգն ալ՝ գրողին ծոցը”։

Հաղորդավարը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը Ուքրաինայի մէջ «յատուկ ռազմական գործողութիւն» սկսիլը արդարացուցած է անվտանգութեան պատճառաբանութիւններով՝ պնդելով, որ Մոսկուան կրնայ նոյնը ընել նաեւ այլ տեղ։ Ինչպէս ծանօթ է, «յատուկ ռազմական գործողութիւն» եզրոյթը ռուս պաշտօնեաներուն եւ իշխանամէտ մամուլին կողմէ կ՚օգտագործուի՝ բնութագրելու համար 2022-ի Փետրուարին Մոսկուայի սկսած լայնածաւալ ներխուժումը Ուքրաինա։

«Թիւրքոլ» արտայայտութիւնն ու անցեալի սպառնալիքները

Ռուսական պետական հեռատեսիլին մէջ ամէնօրեայ քաղաքական վիճարկումի յայտագրի հաղորդավար եւ միաժամանակ սեփական հեռատեսիլի տէր Սոլովիովի այս յայտարարութիւնները արձանագրուած են որպէս վերջին տարիներուն ռուսական պետական մամուլին կողմէ Հայաստանի դէմ միջամտութեան ամենաբացայայտ կոչերէն մէկը։

Սա առաջին դէպքը չէ, որ Սոլովիով թշնամական բառամթերք կ՚օգտագործէ Հայաստանի հասցէին։ Անցեալ Յունիսին, ան թիրախաւորած էր վարչապետ Փաշինեանը՝ զայն անուանելով «Թիւրքօլ» (թուրքի ծառայ/ստրուկ) եւ զգուշացուցած, որ Հայաստանի գոյութիւնը, որպէս անկախ պետութիւն, կրնայ վերջ գտնել։

Հեռարձակման համաձայնագիր եւ խախտումներ

Կը նշուի, որ այս հաղորդումէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ իրաւական եւ թեքնիք միջոցներու ձեռնարկել՝ երկրի լրատուական դաշտին մէջ ռուսական պետական քարոզչութիւնը արգիլելու նպատակով։ Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի երկկողմ համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ հանրային հեռատեսիլներու հաղորդումներուն զերծ մնալ ատելութեան խօսքէ եւ թշնամական հռետորաբանութենէ։ 2021-ին թարմացուած այս համաձայնագրի ծիրէն ներս՝ ռուսական պետական հեռատեսիլի երեք ալիքներ Հայաստանի մէջ կը հեռարձակուին բաց (չծածկագրուած) կապով։

Սակայն ռուսական կողմը յաճախ կը խախտէ այս յանձնառութիւնը։ Անցեալ Յունուարին Հայաստան Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած էր Ռուսաստանի դեսպանը՝ պաշտօնապէս բողոքելու ռուսական պետական հեռատեսիլի հաղորդման ընթացքին հնչած խօսքերուն դէմ։ Բողոքագիրը կը վերաբերէր «Շաբթուան լուրեր» ծրագրի հաղորդավար Տմիթրի Քիսելիովի յայտարարութիւններուն։ Ան կրկնած էր Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի տարածքային պահանջները եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի յարձակողական խօսոյթը, ինչպէս նաեւ սպառնացած էր, որ Երեւանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ կապերը խորացնելու պարագային՝ Ռուսաստան կրնայ դադրեցնել կազի մատակարարումը Հայաստանին։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սոլովիովի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ բողոքագիր յանձնած է  Ռուսաստանի դեսպանին

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կանչուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յանձնուած է բողոքագիր, որուն մէջ խոր վրդովում արտայայտուած է Վլատիմիր Սոլովիովի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան։

“Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը կանչուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր յանձնուեցաւ բողոքագոր, ուր խոր վրդովում արտայայտուած է պետական լրասփիւռներու համակարգին մաս կազմող հեռատեսիլէն սփռուած յայտագրի ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ: Բողոքագրին մէջ ընդգծուած է, որ նման յայտարարութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն են ու թշնամական դրսեւորում եւ կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքները”,– նշած է ան: