Լրասփիւռները կը հաղորդեն առնուազն 544 զոհի մասին

Իրանի կառավարութիւնը եռօրեայ ազգային սուգ յայտարարած է երկրին մէջ օրերէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերու եւ անկարգութիւններու ընթացքին զոհուածերու յիշատակին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի պետական հեռատեսիլը։

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի, որ սուգ կը յայտարարուի «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ իրանական ազգային պայքարին մէջ» զոհուածներու յիշատակին։

Կը նշուի նաեւ, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան պիտի միանայ սգոյ արարողութեան եւ կոչ կ՚ուղղէ քաղաքացիներուն՝ մասնակցելու Յունուար 12-ին կայանալիք ազգային երթին։

Իրանական կողմը ցոյցերու ընթացքին զոհերու վերաբերեալ թուային նոր տուեալներ չէ հաղորդած։ Յայտնի է միայն, որ անկարգութիւններու ատեն զոհուած է առնուազն 38 իրանցի իրաւապահ։

Արեւմտեան լրասփիւռները կը հաղորդեն քանի մը հարիւր զոհի մասին։ Յատկապէս Associated Press գործակալութիւնը, յղում ընելով գործիչներէ ստացուած տեղեկութիւններուն, կը յայտնէ, որ ցոյցերու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 544 հոգի։

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսան 2025-ի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան՝ իրանական ռիալի կտրուկ արժեզրկման եւ գերսղաճի (hyperinflation) պատճառով։ Սկիզբը բողոքի ցոյցերուն հիմնական նիւթը դարձած էին փոխարժէքի կտրուկ տատանումները եւ անոնց ազդեցութիւնը մեծածախ ու մանրածախ գիներուն վրայ։ Սակայն աւելի ուշ, Իրանի շարք մը քաղաքներուն մէջ այդ ցոյցերը վերածուեցան ոստիկանութեան հետ բախումներու, իսկ կարգախօսները ստացան քաղաքական բնոյթ՝ թիրախաւորելով Իրանի ներկայ քաղաքական համակարգը:

Երկրին մէջ սահմանափակուած է համացանցի հասանելիութիւնը։