Հար­ցազրոյց՝ Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէն Պո­րիս Աճէ­մեանի հետ

WhatsApp Image 2026-08-27 at 09.23.36 2

Փարիզի Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նը ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի կա­րեւո­րագոյն մշա­կու­թա­յին գո­հար­նե­րէն մէկն է։ Պո­րիս Աճէ­մեան, մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնը՝ « La Bibliothèque et le survivant » («Մա­տենա­դարանն ու վե­րապ­րո­ղը») հա­տորը հե­ղինա­կելով, աւե­լի շեշ­տեց ու հան­րայնա­ցուց համ­բաւ մը որ Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նը ու­նէր ակա­դեմա­կան հա­մայնքին մէջ։ Սփիւռքի ինքնու­թեան շուրջ բազ­մա­թիւ հար­ցադրումներ կ՚ըլ­լան. փաս­տօ­րէն, Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նի հիմ­նա­դիր Արամ Ան­տո­նեան եղաւ այն եզա­կի ան­ձե­րէն, որ Ֆրան­սա հաս­տա­տուած տա­րագիր հա­յու­թեան ինքնու­թեան նոր ամուր կա­յուն բե­ւեռ մը հաս­տա­տեց, որուն համ­բա­ւը ան­ցաւ ֆրան­սա­հայու­թեան սահ­մաննե­րը, դառ­նա­լով սփիռ­քա­հայու­թեան հա­մար ինքնու­թեան վե­րակեր­տումի հար­թակ, որ պի­տի թոյլ տար Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, իր հայ­րե­նի բնա­վայ­րէն վտա­րուած զան­գուածի մը ինքզինք վե­րագտնել, ան­ցեալի գրա­ւոր ժա­ռան­գութեան տէր դառ­նալ եւ առիթ տալ մտա­ւորա­կանու­թեան նոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը իրա­կանաց­նե­լու, զա­նոնք հա­ւաքե­լու եւ ապա­գայ սե­րունդնե­րուն տրա­մադ­րե­լի դարձնե­լու։

«Նոր Յա­ռաջ» – Պո­րիս Աճէ­մեան մաս­նա­գիտու­թեամբ պատ­մա­բան էք, յատ­կա­պէս հայ­կա­կան սփիւռքի մաս­նա­գէտ, ձեր աւար­տա­ճառին նիւթ ընտ­րած էք՝ «Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը, օտա­րակա­նի ըն­կա­լու­մը եւ ազ­գա­յին կեր­տումը Եթով­պիոյ մէջ 19-20-րդ դա­րերուն. մեր­ձեցման մի­ջան­կեալ տա­րած­քի պատ­մաըն­կե­րային վեր­լուծում մը»։

Պո­րիս Աճէ­մեան – Բո­լորո­վին ան­հասկնա­լի խո­րագիր մըն էր, որ ընտրած էի իբր աւար­տա­ճառի խո­րագիր։ «Պէտք է որ շատ մտա­ւորա­կան խո­րագիր մը գտնեմ» ըսի ես ին­ծի, գո­նէ այս տպա­ւորու­թիւնը ու­նէի, բայց սխա­լած էի։ Գոր­ծա­կից­ներս աւե­լի պարզ եւ հասկնա­լի խո­րագ­րեր ընտրե­ցին, բայց ես ան­փորձ էի, այն ատեն, կար­ծե­ցի որ աւե­լի լուրջ պի­տի ըլ­լա­յի, ձգե­ցի այս խո­րագի­րը, հի­մա նոյ­նիսկ ըն­թերցա­նելի չէ։ Թէզս կը վե­րաբե­րէր Եթով­պա­հայե­րու պատ­մութեան՝ նիւթ մը որ շա­տոնց ու­սումնա­սիրած էի։ Թե­րեւս կար­ծե­ցի, որ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար նման նիւթ մը, պէտք էր հա­մալ­սա­րանա­կան բար­բառ մը գոր­ծա­ծել, ինչ որ ան­շուշտ սխալ էր։ Յե­տոյ, եր­բոր առա­ջին գիրքս հրա­տարա­կեցի այս թէ­զիս հի­ման վրայ, աւե­լի հրա­պու­րիչ խո­րագիր մը ընտրե­ցի, բա­րեբախ­տա­բար. « La fanfare du négus » («Կայ­սե­րական փո­ղերա­խումբը»)։

«ՆՅ» – 2013-էն ի վեր Փա­րիզի Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէնն էք։ Ին­չո՞ւ հա­մար ըն­դունե­ցիք այդ պաշ­տօ­նը։

Պ. Ա. – Չեմ ընտրած, Նու­պա­րեան մա­տենա­դարանն է որ ձեզ կ՚ընտրէ։ Ասի­կա ճա­կատա­գիր է։ Եւ, ար­դէն ան­շուշտ Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նը շա­տոնց կը ճանչնա­յի, լաւ յա­րաբե­րու­թիւն ու­նէի նախ­կին տնօ­րէնին՝ Ռե­մոն Յա­րու­թիւն Գէոր­գեանին հետ, որ ան­շուշտ փոր­ձա­ռու պատ­մա­բան էր եւ իբր ու­սա­նող, շատ հան­դի­պումներ ու­նե­ցայ անոր հետ։ Բա­ւական սուրճ խմած ենք միասին Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նին մէջ եւ եր­կար խօ­սակ­ցութիւններ ու­նե­ցած։ Այս յա­րաբե­րու­թիւնը խոր հետք ձգած է կեան­քիս մէջ, յատ­կա­պէս ար­հեստա­վարժ կեան­քիս, եւ այո՛, չէք կրնար նա­խատե­սել թէ ի՛նչ պի­տի պա­տահի, բայց կը պա­տահի։

«ՆՅ» – Ի՞նչը իւ­րա­յատուկ է Նու­պա­րեան մա­տենա­դարա­նին։

Պ. Ա. – Դժուար է ամ­փո­փել. եթէ մէկ նա­խադա­սու­թեամբ պէտք է ամ­փո­փեմ, թե­րեւս պի­տի ըսէի որ այս մա­տենա­դարա­նը նախ կը պատ­կա­նի հա­յու­թեան, ամ­բողջ հա­յու­թեան, թէեւ ան­շուշտ Բա­րեգոր­ծա­կանի հո­վանա­ւորու­թեամբ, եւ Բա­րեգոր­ծա­կանի շնոր­հիւ գո­յու­թիւն ու­նի։ Բայց աւե­լի լայն է իր ազ­դե­ցու­թիւնը, եւ բախ­տա­ւոր ենք իբր հայ, կար­ծեմ, որ նման հաս­տա­տու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի Սփիւռքի մէջ, որով­հե­տեւ շատ հա­զուա­գիւտ է։ Եւ Երկրորդ բա­նը որ պի­տի ըսէի՝ այն է որ առա­ջին գրա­դարա­նապե­տին հո­գին դեռ կ՚ապ­րի այս մա­տենա­դարա­նին մէջ։ Արամ Ան­տո­նեանի աշ­խա­տան­քին եւ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ է որ այս մա­տենա­դարա­նը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է։ Գի­տենք որ Ան­տո­նեանը հե­ղինակ էր, լրագ­րող եւ այլն… շատ ու­սեալ անձ մը, բայց նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած մը եւ իր կեան­քին երկրորդ մա­սը բո­լորո­վին նուիրած էր այս մա­տենա­դարա­նին։ Մա­տենա­դարա­նը հիմ­նե­լով, կար­ծեմ՝ փոր­ձած է երկրորդ շունչ մը տալ հա­յու­թեան, այն քան­դուած հա­յու­թեան որ սփռուած էր, այն ատեն, Սփիւռքի տա­րած­քին, որ պե­տու­թիւն չու­նէր, թէեւ սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նը կար, բայց ինչպէս գի­տէք, քիչ մը իւ­րա­յատուկ էր։ Իր ոգին դեռ կ՚ապ­րի, այ­սինքն՝ դեռ կը ներշնչէ. մա­տենա­դարա­նը մեզ կը ներշնչէ, այ­ցե­լող­նե­րը կը ներշնչէ։ Անոնք կը զգան այս ոգին կար­ծեմ, եւ մենք դեռ կ՚աշ­խա­տինք անոր ոգիին մէջ, ձե­ւով մը որով­հե­տեւ ան մտա­ծած է, կազ­մա­կեր­պած է մա­տենա­դարա­նը, հա­ւաքա­ծոնե­րը, ցու­ցակնե­րը …։ Մեր ներ­կայ փոր­ձա­ռու­թիւնը անոր փոր­ձա­ռու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է։

«ՆՅ» – Նոր հրա­տարա­կու­թիւններ կ՚ըն­դունի՞ք։

Պ. Ա. – Այո՛, ան­շո՛ւշտ, գրե­թէ ամէն շա­բաթ առա­ջարկներ կը ստա­նամ։ Սերնդա­փոխու­թեան հարց կայ, քա­նի որ ան­շուշտ նա­խորդ սե­րունդնե­րը աւե­լի կար­դա­ցող էին, նա­խորդ սե­րունդնե­րուն մօտ հա­յերէն գիր­քե­րու պա­հանջ կար։ Ներ­կա­յիս որ սե­րունդնե­րը կը փո­խուին, ժա­ռան­գորդնե­րը յա­ճախ իրենց ծնող­նե­րուն գիր­քե­րը չեն օգ­տա­գոր­ծեր։ Կ՚ու­զեն ձեր­բա­զատիլ այդ գիր­քե­րէն, բայց միաժա­մանակ չեն ու­զեր նե­տել, որով­հե­տեւ կը նկա­տեն որ այս գիր­քե­րը նախ ըն­տա­նեկան իմաստ ու­նին, յե­տոյ, հա­յերէն գիրք են, ու­րեմն խորհրդան­շա­կան բան մը կայ մէ­ջը եւ դժուար է իրենց հա­մար՝ երե­ւակա­յել որ այս գիր­քե­րը, օրի­նակ, այ­րուին, կամ նե­տուին աղ­բա­նոց…։ Ու­րեմն ասի­կա թե­րեւս ըն­կե­րային երե­ւոյթ մըն է, մեր ժա­մանա­կուան ըն­կե­րային երե­ւոյթ մը, ուր շատ գիր­քեր կան սփռուած ըն­տա­նիք­նե­րու մօտ։ Մե­զի պէս հաս­տա­տու­թիւններ, որոնք կրնան հո­գալ եւ ըն­դունիլ այդ գիր­քե­րը՝ քիչ են։ Ֆրան­սա թե­րեւս եր­կու, երեք, չորս հաս­տա­տու­թիւններ կան, որոնք կրնան ըն­դունիլ այս նուիրա­տւու­թիւննե­րը։ Բայց դեռ կա­րեւոր նուիրա­տւու­թիւններ կան նաեւ ու­րիշ եր­կի­րներէ։ Ոչ միայն գիր­քեր, նաեւ ատեն-ատեն կը ստա­նանք ար­խիւներ. աւե­լի հազուադէպ, բայց կը պա­տահի։ Այսպէս՝ լու­սանկար­ներ ալ, եւ այո՛, դեռ շատ բա­ներ  կ՚առա­ջար­կուին մա­տենա­դարա­նին, բայց ան­շուշտ չենք կրնար ըն­դունիլ ամէն ինչ, ու­րեմն ստի­պուած ընտրու­թիւն կ՚ընենք։

«ՆՅ» – Մա­տենա­դարա­նը ու­նի նաեւ պար­բե­րաթերթ մը « Études arméniennes contemporaines » («Ժա­մանա­կակից հայկա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւններ»)՝ ֆրան­սե­րէն եւ անգլե­րէն. ի՞նչ նիւ­թեր կ՚ընդ­գրկէ պար­բե­րաթեր­թը։ 

Պ. Ա. – Այս հան­դէ­սը ստեղ­ծե­ցինք 2013-ին, երբ սկսայ պաշ­տօ­նա­վա­րել մա­տենա­դարա­նին մէջ։ Հա­կա­ռակ իր խորագ­րին « Études armé­niennes contem­poraines »-ը, պի­տի ըսէի՝ հա­յագի­տա­կան հան­դէս մը չէ. աւե­լի լայն է, աւե­լի լայն են իր նիւ­թե­րը. մասնագէտներու՝ հոն տեղ գտած յօդուածները պէտք է ըլլան ըն­թերցա­նելի եւ ըմբռնե­լի՝ ոչ- մաս­նա­գէտ­նե­րուն։ Բնականաբար, յօ­դուած­նե­րը գի­տական հիմք ու­նին, բայց ոչ-մաս­նա­գէտի հա­մար հասկնա­լի։ Հա­յագի­տու­թիւնը ան­շուշտ կա­րեւոր մարզ է, եւ շատ հա­յագէ­տներ կան։ Արդէն կան հա­յագի­տական հան­դէսներ ալ, ինչպէս՝ շատ ծանօթ « Revue des études arméniennes »-ը Ֆրան­սա­յի մէջ, որ նաեւ բա­ւակա­ն հին է։ Բայց մենք կը փա­փաքինք խօ­սիլ բո­լորին հետ, որոնք օր մը կը հե­տաքրքրուին հա­յու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նով, հայ­կա­կան պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւննե­րով։ Այ­սինքն, օրի­նակ Սփիւռքի հար­ցը՝ ոչ միայն հայ­կա­կան հարց է, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը՝ ոչ միայն հայ­կա­կան հարց է, աւե­լի լայն է. եւ այսպէս զա­նազան հե­ղինակ­ներ, հե­տազօ­տող­ներ կը գրեն մեր հան­դէ­սին մէջ, առանց հա­յագէտ ըլ­լա­լու, ինչ որ կար­ծեմ օգ­տա­կար է մե­զի հա­մար, մեր հա­յագի­տու­թեան պզտիկ աշ­խարհին հա­մար, որով­հե­տեւ այդպէսով այս աշ­խարհը կը բա­ցուի աւե­լի լայն հորիզոններու։ 

«ՆՅ» – Եւ ու­րեմն բուն նպա­տակը ի՞նչ է։

Պ. Ա. – Բուն նպա­տա՞կը. շատ հա­մես­տօ­րէն, նոր գի­տու­թիւններ ստեղ­ծելն է եւ յա՛տ­կա­պէս բաժ­նեկցիլ։ Ասոր հա­մար է, որ հան­դէ­սը սկիզ­բէն ի վեր տրա­մադ­րե­լի է հա­մացան­ցով, անվճար։ Ոեւէ մէ­կը, որ կ՚ու­զէ ձեռք բե­րել, կը փա­փաքի կար­դալ հան­րա­մատ­չե­լի մաս­նա­գիտա­կան յօ­դուած­ներ այս նիւ­թե­րու մա­սին, կրնայ մեր կայ­քէ­ջին մի­ջոցով անվճար կար­դալ այս բոլոր նիւ­թե­րը։

«ՆՅ» – Քա­նի՞ թիւ հրա­տարա­կած էք մին­չեւ հի­մա։ 

Պ. Ա. – Մին­չեւ հի­մա 16 թիւ հրա­տարա­կած ենք. 17-րդը եւ 18-րդը կը պատ­րաստուին հրա­տարակու­թեան։ 17-րդը լոյս պի­տի տես­նէ այս տա­րի Սեպ­տեմբե­րին եւ կը վե­րաբե­րի հայ­կա­կան Սփիւռքին։ Եր­կու տա­րի առաջ կարգ մը գոր­ծընկեր­նե­րու հետ կազ­մա­կեր­պե­ցինք հա­մաշ­խարհա­յին գի­տաժո­ղով մը Փա­րիզի հա­մալ­սա­րանին մէջ, հայկական Սփիւռքին նոր զար­գա­ցումնե­րուն մա­սին եւ այս առ­թիւ ու­րեմն կը հրա­տարա­կենք որոշ նիւ­թեր, որոշ յօ­դուած­ներ։ Գալ տա­րի մեր 18-րդ հա­տորը պի­տի վե­րաբե­րի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որով­հե­տեւ նաեւ ան­ցեալ տա­րի ու­րիշ գի­տաժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք, Փա­րիզի Ամե­րիկեան Հա­մալ­սա­րանին հետ հա­մագոր­ծակ­ց­­ա­բար, որ նուիրուած էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Սակայն, սա չի նշա­նակեր, որ կը հետաքրքրուինք մի­՛միայն Սփիւռքով կամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ։ Ու­րիշ նիւ­թեր ալ կ՚ու­սումնա­սիրուին այս հան­դէ­սին մէջ, օրի­նակ՝ հայ­կա­կան Պոլ­սոյ նկար­չութիւ­նը, Լի­բանա­նի հայ եկե­ղեցի­ներու ճար­տա­րապե­տու­թիւնը, եւ այլն։ Մեծ զա­նազա­նու­թիւն կայ հան­դէ­սին էջե­րուն մէջ։ 

«ՆՅ» – Ինչ կը վերաբերի մա­տենա­դարա­նի կայ­քէ­ջին՝ ինչպի­սի՞ն է անոր լսա­րանին պատկերը…

Պ. Ա. – Կայ­քէջ մը ստեղ­ծե­ցինք 2016-ին, եւ այն ատեն դրա­կան ար­ձա­գանգ­ներ ու­նե­ցանք, քա­նի որ ան իրա­պէս գե­ղեցիկ է, պա­տու­հան մըն է։  Քայլ մը, որ կա­րեւոր էր մատենա­դարա­նին հա­մար, բայց մա՛նաւանդ անոնց հա­մար, որոնք կ՚ու­զեն կապ ու­նե­նալ մա­տենա­դարա­նին հետ, յա՛տկապէս երբ Փա­րիզ չեն բնա­կիր։ Ան­ց­եա­լին այսպէս չէր, 50-60-ական­նե­րուն, բազ­մա­թիւ ըն­թերցող­ներ կա­յին Փա­րի­զի մէջ, բայց հի­մա տար­բեր է, աւե­լի հա­մաշ­խարհա­յին դար­ձած է հան­րու­թիւ­նը. բո­լոր եր­կիրնե­րէն դի­մումներ կը ստա­նանք, թէ՛ այ­ցե­լող­ներ եւ թէ՛ դի­մում­ներ, ու­րեմն էական էր որ այս կայ­քէ­ջը ստեղ­ծուէր։ Կը յու­սամ, որ մօտ ապա­գային կա­րենանք բա­րեփո­խել զայն, որ­պէս­զի աւե­լի զար­գա­նայ։ Ինչպէս միշտ, դրա­մի, ժա­մանա­կի եւ մար­դուժի հարց է։

«ՆՅ» – Վեր­ջա­­պէս՝ ներ­­կա­­­յիս Նու­­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարա­­նին գլխա­­ւոր առա­­քելու­­թիւնը ի՞նչ է։

Պ. Ա. – Նու­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարա­­նի գլխա­­ւոր առա­­քելու­­թիւնը գրու­­թիւննե­­րու, գիր­­քե­­­րու եւ ար­­խիւնե­­րու պահ­­պա­­­նումն է, սա­­կայն մեր դե­­րը լոկ պահ­­պա­­­նու­­թեամբ չի սահ­­մա­­­նափա­­կուիր: Ինչպէս լե­­զուի, դպրոց­­նե­­­րու կամ միու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին է. հա­­յապահ­­պա­­­նու­­մը անհրա­­ժեշտ է եւ ամէն ջանք պէտք է գոր­­ծադրենք այդ ուղղու­­թեամբ, սա­­կայն միեւ­­նոյն ժա­­մանակ պէտք է ապ­­րինք, փո­­խուինք ու զար­­գա­­­նանք: Հե­­տեւա­­բար, Նու­­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարա­­նը ու­­նի նաեւ այլ էական առա­­քելու­­թիւն մը՝ նոր գի­­տելիք­­ներ ստեղ­­ծել ու զա­­նոնք տրա­­մադ­­րել թէ՛ գի­­տական շրջա­­նակ­­նե­­­րուն եւ թէ՛ լայն հան­­րութեան: Կրնամ ըսել, որ մեր հիմ­­նա­­­կան առա­­քելու­­թիւնը պատ­­մութեան պահ­­պա­­­նումն է՝ զու­­գորդուած մշա­­կու­­թա­­­յին եւ գի­­տական զար­­գա­­­ցու­­մով:

«ՆՅ» – Կա՞ն գիր­­քեր կամ նիւ­­թեր, որոնք յատ­­կա­­­պէս շատ կը պա­­հան­­ջուին կամ կը փնտռուին։

Պ. Ա. – Մեր հա­­ւաքա­­ծոն յատ­­կա­­­պէս հա­­րուստ է արեւմտա­­հայ գրա­­կանու­­թեամբ, քա­­նի որ մա­­տենա­­դարա­­նի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րը Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թե­­­նէն սե­­րած էին: Մին­­չեւ այ­­սօր սի­­րով կ՚ըն­­դունինք արեւմտա­­հայ նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւններ: Բնա­­կանա­­բար, չենք կրնար Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ լոյս տես­­նող բո­­լոր գիր­­քե­­­րը,– յատ­­կա­­­պէս գե­­ղարուես­­տա­­­կան գրա­­կանու­­թիւնը,– ըն­­դունիլ, որով­­հե­­­տեւ անոնց քա­­նակը հսկա­­յական է, եւ մեր հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակին չի ծա­­ռայեր: Մեր ինքնա­­տիպու­­թիւնը այն է, որ ու­­նինք արեւմտա­­հայ հա­­րուստ հա­­ւաքա­­ծոյ մը՝ գիր­­քե­­­րով, ար­­խիւնե­­րով եւ մա­­մու­­լով: Արեւմտա­­հայ գրա­­կանու­­թիւնն ու հին թեր­­թե­­­րը խիստ պա­­հան­­ջուած են գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րուն կող­­մէ: Անոնք կը պրպտուին նաեւ այն այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն կող­­մէ, որոնք կը փնտռեն իրենց ըն­­տա­­­նեկան ար­­մատնե­­րը. մա­­մու­­լը, ընդհա­­նուր առ­­մամբ, ան­­հա­­­ւատա­­լի գանձ մըն է եւ անսպառ տե­­ղեկու­­թիւններ կը հայ­­թայթէ ըն­­թերցո­­ղին, պայ­­մա­­­նով որ ժա­­մանակ տրա­­մադ­­րուի որո­­նումնե­­րուն, քա­­նի որ նիւ­­թի քա­­նակը հսկա­­յական է: Բա­­ցի ատկէ, ու­­նինք ար­­խիւներ, որոնք լայ­­նօ­­­րէն կ՚ու­­սումնա­­սիրուին մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու կող­­մէ. օրի­­նակ՝ Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի, Ազ­­գա­­­յին պա­­տուի­­րակու­­թեան ֆոն­­տե­­­րը կամ ՀԲԸՄ-ի ար­­խիւնե­­րը, որոնք կը վե­­րաբե­­րին 1920-ական եւ 1930-ական թուական­­նե­­­րու որ­­բա­­­նոց­­նե­­­րու կեն­­սա­­­գոր­­ծունէու­­թեան եւ զար­­գացման: Ասոնք մե­­զի հա­­մար դա­­սական աղ­­բիւր­ներ կը նկա­­տուին:

«ՆՅ» – Մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­ր յա­­ճա՞խ կ՚այ­­ցե­­­լեն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տա­­րե­­լու հա­­մար։

Պ. Ա. – Այո՛, յա­­ճախ։ Գրե­­թէ ամէն օր այ­­ցե­­­լու­­ներ կ՚ու­­նե­­­նանք եւ բազ­­մա­­­թիւ դի­­մումներ կը ստա­­նանք, ու մեր հա­­մեստ մի­­ջոց­­նե­­­րով կը ջա­­նանք ըն­­դա­­­ռաջել բո­­լորին։ Հար­­ցումին լիար­­ժէք պա­­տաս­­խա­­­նելու հա­­մար նշեմ, որ այս մա­­տենա­­դարա­­նին շնոր­­հիւ գրուած, հրա­­տարա­­կուած եւ նոյ­­նիսկ յղա­­ցուած են հա­­րիւ­­րա­­­ւոր յօ­­դուած­­ներ, գիր­­քեր ու դոկ­­տո­­­րական աւար­­տա­­­ճառեր: Եթէ լրջօ­­րէն կը զբա­­ղիք հա­­յոց պատ­­մութեամբ, յատ­­կա­­­պէս՝ արեւմտա­­հայու­­թեան, օս­­մա­­­նահա­­յու­­թեան կամ սփիւռքա­­հայու­­թեան ու­­սումնա­­սիրու­­թեամբ, ան­­խուսա­­փելիօրէն պէտք է այ­­ցե­­­լէք Նու­­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարան: Անի­­կա էական աղ­­բիւր է եւ ան­­փո­­­խարի­­նելի մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոն մը: Ճիշդ այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ, այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն թի­­ւը ոչ միայն չի նուազիր, այ­­լեւ շա­­րու­­նակ կ՚աճի:

«ՆՅ» – Վեր­­ջերս հրա­­տարա­­կեցիք նոր ու­­շագրաւ գիրք մը՝ « La Biblio­thèque et le survivant » («Մա­­տենա­­դարանն ու վե­­րապ­­րո­­­ղը»), որ մեծ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նացաւ։ Այդ աշ­­խա­­­տու­­թեան մէջ գրա­­դարա­­նը կը ներ­­կա­­­յանայ իբ­­րեւ Սփիւռքի մշա­­կու­­թա­­­յին զար­­թօնքի մեկ­­նա­­­կէտ, որուն գլխա­­ւոր մշա­­կը անոր հիմ­­նա­­­դիրն է՝ Արամ Ան­­տո­­­նեանը։ Այ­­սօր եւս գրա­­դարա­­նը նոյն դերը կը կա­­տարէ՞։

Պ. Ա. – Այո՛, կը յու­­սանք, որ ար­­ժա­­­նի ենք անոր ժա­­ռան­­գութեան, եւ կը կար­­ծեմ, որ անոր յա­­ջոր­­դողներն ալ նոյն ուղղու­­թեամբ աշ­­խա­­­տած են։ Պէտք է ընդգծել, որ 1986-էն 2012 թուական­­նե­­­րուն, երբ մա­­տենա­­դարա­­նը կը ղե­­կավա­­րէր Ռեմոն Գէոր­­գեանը, հիմ­­նա­­­կան փո­­փոխու­­թիւն տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ: Ի տար­­բե­­­րու­­թիւն նա­­խորդ գրա­­դարա­­նապե­­տերուն՝ ան պատ­­մա­­­բան էր, իս­­կա­­­կան մաս­­նա­­­գէտ մը, որ նոր ուղղու­­թիւն տուաւ մա­­տենա­­դարա­­նի գոր­­ծունէու­­թեան եւ կա­­պեր հաս­­տա­­­տեց Հա­­յաս­­տա­­­նի հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն հետ՝ ինչպէս Երե­­ւանի Մաշ­­տո­­­ցեան մա­­տենա­­դարա­­նը, Ազ­­գա­­­յին գրա­­դարա­­նը, Ազ­­գա­­­յին ար­­խի­­­ւը եւ այլն։ Այդ կա­­պերը մին­­չեւ այ­­սօր կը ջա­­նամ պահ­­պա­­­նել: Չա­­փազանց կա­­րեւոր է, որ Նու­­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարա­­նի պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը գոր­­ծօն դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­նան գի­­տական աշ­­խարհին մէջ: Ասի­­կա կը վե­­րաբե­­րի ոչ միայն պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րուն, այ­­լեւ գրա­­գէտ­­նե­­­րուն եւ այլ մաս­­նա­­­գիտու­­թիւննե­­րու տէր ան­­ձե­­­րու: Պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը իրե՛նք եւս պէտք է հե­­տազօ­­տու­­թիւններ կա­­տարեն եւ երկխօ­­սու­­թիւն զար­­գացնեն այլ գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րու հետ։ Այս մօ­­տեցու­­մը կեն­­սա­­­կան է, քա­­նի որ ուղղա­­կի կ՚ազ­­դէ մեր հաս­­տա­­­տու­­թեան հե­­ղինա­­կու­­թեան եւ անոր զար­­գացման վրայ:

«ՆՅ» – Ի՞նչ են ապա­­գայի ձեր հե­­ռան­­կարներն ու ծրա­­գրե­­­րը։

Պ. Ա. – Անոնք բազ­­մա­­­թիւ են։ Զա­­նազան նիւ­­թե­­­րու շուրջ քա­­նի մը հրա­­տարա­­կու­­թիւններ կը պատ­­րաստեմ. մէ­­կը կրկին Արամ Ան­­տո­­­նեանի մա­­սին է, միւ­­սը՝ Երու­­սա­­­ղէմի հա­­յոց թա­­ղամա­­սին նուիրուած հա­­ւաքա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն է, ապա՝ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին գրքոյկ մը կը գրեմ, որ կը յու­­սամ լոյս կը տես­­նէ գալ տա­­րի։ Ու­­րեմն, տա­­րաբ­­նոյթ ծրա­­գրեր կան, եւ այս գոր­­ծընթա­­ցը ան­­վերջա­­նալի է. մա­­տենա­­դարա­­նի ծի­­րէն ներս միշտ կրնանք նոր ծրա­­գրեր յղա­­նալ, քա­­նի որ նիւ­­թե­­­րը անսպառ են: Յատ­­կա­­­պէս ներ­­կա­­­յիս, Ֆրան­­սա­­­յի մէջ հա­­յու­­թեան հան­­դէպ մեծ հե­­տաքրքրու­­թիւն կայ թէ՛ կա­­ռավա­­րու­­թեան եւ թէ՛ պաշ­­տօ­­­նական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն կող­­մէ։ Այ­­սօր շատ աւե­­լի դիւ­­րին է կա­­պեր հաս­­տա­­­տել նշա­­նաւոր դէմ­­քե­­­րու եւ կա­­ռոյցնե­­րու հետ։ Ճիշդ ժա­­մանակն է ամ­­րապնդե­­լու այս կա­­պերը եւ ֆի­­նան­­սա­­­ւոր­­ման նոր աղ­­բիւրներ գտնե­­լու՝ Նու­­պա­­­րեան մա­­տենա­­դարա­­նի ապա­­գայ զար­­գա­­­ցու­­մը երաշ­­խա­­­ւորե­­լու նպա­­տակով: Այստեղ, ի մի­­ջի այ­­լոց, կ՚ու­­զեմ շեշ­­տել թուայ­­նացման կա­­րեւո­­րու­­թիւնը, որ ար­­դի աշ­­խարհին մէջ կեն­­սա­­­կան դար­­ձած է: Ան­­կասկած, ու­­նինք գի­­տական ու հրա­­տարակ­­չա­­­կան նոր ծրա­­գրեր, պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք մեր հան­­դէ­­­սի լոյ­­սընծա­­յու­­մը եւ նոր գի­­տաժո­­ղով­­ներ պի­­տի կազ­­մա­­­կեր­պենք:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ՇՈՒՇԱՆ ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ ■