Երեւանի մէջ կայացաւ հայ-թրքական գործարար համաժողով

Գործարարներ

Հայաստանի ու Թուրքիայի գործարար համայնքների մասնակցությամբ երկօրյա գործարար համաժողովը

Սեպտեմբեր 3-ին եւ 4-ին Երեւանի «Holiday Inn» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ թուրք գործարարներու երկօրեայ տնտեսական համաժողով մը, շուրջ 150 թուրք եւ 120 հայ մասնակիցներով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան (ՀԱԳՄ) կողմէ՝ Եւրոպական Միութեան տրամադրած դրամաշնորհով, որուն նպատակն է աջակցիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ու միջսահմանային կապերու ամրապնդման։

Համաժողովին գլխաւոր նպատակն էր մէկ հարթակի վրայ համախմբել երկու երկիրներու գործարար շրջանակները՝ քննարկելու տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները, բացայայտելու նոր ուղղութիւններ եւ խթանելու գործնական կապերու ստեղծումը։ Օրակարգը կ՚ընդգրկէր հայ-թրքական հաղորդակցութեան ուղիներու կարելիութիւններուն եւ առկայ խոչընդոտներուն վերաբերող վերլուծութիւններու ներկայացում, ինչպէս նաեւ՝ երկկողմանի հանդիպումներ՝ յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեանց եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս։

Յիշեցնենք, որ նմանատիպ նախորդ հանդիպում մը կայացած էր Յունիս 2-ին՝ Կարսի մէջ, իսկ այս օրերուն Վանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը հանդէս եկած է Վանի մէջ հայ-թրքական տնտեսական կապերը համակարգող ներկայացուցչութիւն մը հիմնելու առաջարկով։