Էլիզէի պալատին մէջ կայացաւ Մաքրոն-Փաշինեան հանդիպումը

Մաքրոն-Փաշ

Օրակարգի վրայ էին տնտեսութեան բազմազանացումն ու Բարգուշատի փապուղիի կառուցումը

Սեպտեմբեր 9-ին, Էլիզէի պալատին մէջ, նախագահ Մաքրոն ընդունեց վարչապետ Փաշինեանը, որ աշխատանքային երկօրեայ այցով ժամանած էր Փարիզ՝ մասնակցելու համար Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնած Տիեզերական միջազգային առաջին վեհաժողովին։

Հանդիպումին առանցքային նիւթերէն էր Հայաստանի տնտեսութեան եւ արտածման շուկաներու բազմազանացումը՝ յատկապէս հայկական ապրանքներու նկատմամբ կիրարկուող ռուսական սահմանափակումներուն լոյսին տակ։ Կողմերը տնտեսական գործակցութիւնը նկատեցին ռազմավարական գործընկերութեան առաջնահերթութիւն։ Այս ծիրէն ներս յիշատակուեցաւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի առաջարկուած Առեւտուրի ինքնավար միջոցառումներու (ATM) նոր ծրարը, որ եթէ հաստատուի Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ, արտօնեալ պայմաններով եւրոպական շուկայ մուտք պիտի ապահովէ հայկական հարիւրաւոր ապրանքներու։

Օրակարգի միւս կարեւոր կէտը Սիւնիքի մէջ Բարգուշատի փապուղիի կառուցումն էր, նախագիծ մը, որ արդէն թեւակոխած է գործնական փուլ։ Երկու ղեկավարները շեշտեցին շինարարութեան արագ մեկնարկին կարեւորութիւնը, որ պիտի իրականացուի ֆրանսական «Vinci Construction Grands Projets» եւ «Razel-Bec» ընկերութիւններուն հետ գործակցաբար (յիշեցնենք, որ այս ծրագրին վերաբերող փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրուած էր անցեալ Մայիսին)։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ՝ տիեզերական ոլորտէն ներս երկկողմ գործակցութեան խորացման։ Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան կը փափաքի այս ուղղութեամբ աւելի առարկայական գործակցութիւն ծաւալել Ֆրանսայի հետ։