ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու եւ անկէ հրաժարելու տուրքերը պիտի բարձրանան
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու կամ անկէ հրաժարելու կարգն ու պայմանները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Ներքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է նոր նախագիծ մը, որ կ՚առաջարկէ վերանայիլ թէ՛ ընթացակարգերը եւ թէ՛ պետական տուրքերու սակերը։
Նախագիծին համաձայն՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումի պետական տուրքը ներկայիս գանձուող 50 հազար դրամէն պիտի բարձրանայ 250 հազար դրամի։ Շատ աւելի կտրուկ յաւելում կը նախատեսուի քաղաքացիութենէ հրաժարելու պարագային, ուր պետական տուրքը 150 հազար դրամէն պիտի հասնի 1 միլիոն 500 հազար դրամի։
Նոր կարգով կը նախատեսուի նաեւ, որ քաղաքացիութիւն ստանալու կամ անկէ հրաժարելու դիմումները նախապէս ներկայացուին ելեկտրոնային եղանակով. ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, դիմողը պիտի կարենայ ժամադրուիլ եւ փաստաթուղթերը անձամբ յանձնել։
Փոփոխութեան պիտի ենթարկուին նաեւ քաղաքացիութիւն ստանալու ընդհանուր պայմանները։ Դիմողը պարտաւոր պիտի ըլլայ վերջին հինգ տարիներուն օրինական կերպով բնակած ըլլալ Հայաստանի մէջ եւ այդ ժամանակահատուածին առնուազն 915 օր գտնուած ըլլալ երկրի տարածքին։
