Շուշիի արեւելեան գերեզմանատունը հողին հաւասարեցուած է
Խաչքարերուն եւ տապանաքարերուն փոխարէն կոյուղի կը կառուցուի
Շուշիի արեւելեան գերեզմանատան պատմական տապանաքարերն ու 12-13-րդ դարերու խաչքարերը այժմ հողին հաւասարեցուած են։ Այդ տարածքին վրայ Ազերպայճանի իշխանութիւնները ներկայիս կոյուղիի խողովակներ կը տեղադրեն։
Այս պատմական գերեզմանատան մէջ միայն հայեր չէին հանգչեր, այլ նաեւ Ռուսական կայսրութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ եւրոպացիներ։ Հոն կը գտնուէր նաեւ գերմանացի փրոֆէսէօրի մը աղջկան՝ Սոֆիա-Ռեկինա Ռիանտերի տապանաքարը։

Արցախի յուշարձաններով աւելի քան կէս դարէ ի վեր զբաղող մասնագէտ Սլաւա Սարգսեան, շատերու նման, հայկական հետքերու յաջորդական այս աւերման մասին տեղեկացած է Կովկասեան ժառանգութեան մշտական դիտարկման միջազգային կեդրոնի (CHW) արձանագրութիւններէն։ Կեդրոնին հրապարակած արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, որ պատմական գերեզմանատունն ու խաչքարերը պուլտոզըրներու տակ մնացած են անցեալ Մայիսին։ Մշտադիտարկող խումբը կ՚ընդգծէ. երկու դարու պատմութիւն ունեցող եւ բազմաթիւ պատերազմներէ վերապրած տապանաքարերն ու խաչքարերը չեն կրցած դիմանալ Շուշիի ազերպայճանական «վերակառուցման»։

Արցախի Յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախկին պետը կը յայտնէ, որ բոլոր խաչքարերը վկայագրուած եւ ընդգրկուած էին Արցախի յուշարձաններու պետական ցանկին մէջ։ Յիշեցնենք, որ տարի մը առաջ ալ Ազերպայճանը հողին հաւասարեցուցած էր Ղազանչեցոցի հինաւուրց գերեզմանատունը՝ այդ տարածքին վրայ օփերայի շէնք կառուցելու պատրուակով։
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսէօր Համլէթ Պետրոսեան, որ ժամանակին պեղումներ կատարած է հողին հաւասարեցուած այս տարածքին մէջ՝ կը նշէ, որ անիկա շուշեցիներուն կողմէ ծանօթ էր որպէս հայ-ռուսական գերեզմանատուն։ Ըստ Պետրոսեանի՝ հոն ոչ թէ երեք, այլ հինգ խաչքար գոյութիւն ունէր։
Յիշեցնենք նաեւ, որ այս տարուան Ապրիլին Պաքուն քանդած էր Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանի մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին՝ հիմնաւորելով, թէ անոնք «բռնագրաւման խորհրդանիշեր» էին։
Հնագէտ Համլէթ Պետրոսեան կը շեշտէ, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնները խնդիր ունին ոչ միայն 1990-ական թուականներէն ետք կառուցուած յուշարձաններուն հետ. անոնց գլխաւոր թիրախը 18-19-րդ դարերու ժառանգութիւնն է, քանի որ զանոնք անհնար է «աղուանականացնել»։ Արցախի գիւղերէն ու քաղաքներէն հայկական հետքը մաքրելու միակ միջոցը՝ շինարարական զանազան նախագիծերու քօղին տակ այդ յուշարձաններուն ոչնչացումն է։
«Monument Watch» անկախ ակադեմական հարթակի գիտական ղեկավարի պաշտօնը վարող Պետրոսեան յուսահատօրէն կ՚աւելցնէ, որ այլեւս չի գիտեր, թէ որո՛ւն կը հասցէագրուին եւ ի՛նչ նպատակով կը հնչեցուին յուշարձաններու ոչնչացման այս ահազանգերը։ Հայաստանի իշխանութիւնները միտում չունին զբաղելու Արցախի յուշարձաններու հարցով. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հիմնաւորումներէն մէկն այն է, որ պէտք է շրջահայեաց ըլլալ, քանի որ նման նիւթերը «երկսայրի սուր» են։
Հակառակ ասոր, Համլէթ Պետրոսեան համոզուած է, որ մշակութային ժառանգութիւնը փրկելու ուղղութեամբ ահազանգելն ու ձայն բարձրացնելը բնաւ չեն վտանգեր խաղաղութեան օրակարգը։ ■
