Թերահաս դատաիրաւական համակարգ 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Կաթո­ղիկո­սի եւ վեց բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու քրէական հե­տապնդու­մը ար­դէն քա­նի մը ամի­սէ ի վեր տե­ղեկա­տուա­կան դաշ­տի առաջ­նա­կարգ ու զգա­յացունց լու­րե­րու շար­քին ան­ցած է։ Փինկ-փոն­կի գնդա­կի նման՝ դա­տաւոր­նե­րը դա­տը իրա­րու կը փո­խան­ցեն՝ զա­նազան պատ­րուակ­ներ առաջ բե­րելով։ Վեր­ջինս տա­րած­քա­յին ընդդա­տու­թեան հար­ցը բարձրա­ցուց՝ ճշդե­լու հա­մար, թէ Երե­ւանի՞, թէ՞ Ար­մա­ւիրի դա­տարա­նը իրա­ւասու է քննե­լու հայ­ցը։

Յի­շեց­նենք, որ սկիզ­բը Ար­մա­ւիրի ընդհա­նուր իրա­ւասու­թեան դա­տաւոր Յա­կոբ Մա­նու­կեան ինքնա­բացարկ յայտնեց՝ պատ­ճա­ռաբա­նելով, թէ Կա­թողի­կոսի փաս­տա­բան Արա Զօհ­րա­բեան իր ու­սուցի­չը եղած է, եւ այդ հան­գա­ման­քը կրնայ իր որո­շու­մին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել։ Ան­կէ ետք դա­տը յանձնուեցաւ Սերժ Ռու­շա­նեանին, որ որո­շեց գոր­ծը փո­խան­ցել Երե­ւանի դա­տարա­նին։ Իր կար­գին՝ Երե­ւանի դա­տաւոր Վա­հագն Մե­լիքեանն ալ գոր­ծը յանձնեց Վճռա­բեկ դա­տարա­նին, որ վերստին զայն մա­կագ­րեց Ռու­շա­նեանին։ Միւս կող­մէ՝ Կա­թողի­կոսին ուղղուած մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կացու­թիւնը հաս­տա­տած դա­տախազ Խա­չատուր Գալստեան անձնա­կան պատ­ճառնե­րով հե­ռացած է դա­տախա­զու­թե­նէն՝ անցնե­լով փաս­տա­բանու­թեան։

Այս դա­տաիրա­ւական ան­ցուդար­ձը կը քօղար­կէ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր առա­քե­լու­թեան խոր ճգնա­ժամը։ Բուն հար­ցադրումն այն է, թէ ին­չո՞ւ եկե­ղեցա­կան նուիրա­պետու­թեան ներ­քին որո­շումնե­րը պէտք է քրէական հե­տապնդու­մի առար­կայ դառ­նան։ Դժբախ­տա­բար, պէտք է ըն­դունիլ, որ լրա­սփիւռնե­րը ցայժմ հիմ­նուած են Պե­տու­թիւն-Եկե­ղեցի ան­ջատման սկզբունքի խախտման պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան վրայ՝ եզ­րա­կաց­նե­լով, թէ դա­տական հե­տապնդու­մը պե­տու­թեան կող­մէ եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամուխ ըլ­լա­լու պա­րագայ մըն է եւ, ու­րեմն, հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան է։ Շա­տեր կը մոռ­նան նշել, սա­կայն, որ սոյն դա­տավա­րու­թիւնը սկիզբ առած է Մայր Աթո­ռի՝ դա­տարան ներ­կա­յացու­ցած դի­մու­մին հի­ման վրայ, որով պա­հան­ջուած էր կար­գա­լոյծ հռչա­կուած Մա­սեացոտ­նի թե­մի առաջ­նորդ Գէորգ եպիսկ. Սա­րոյեանէն ազա­տել առաջ­նորդա­կան աթո­ռը։ Վեր­ջինս, սա­կայն, կա­թողի­կոսա­կան որո­շու­մը ան­վա­ւեր նկա­տելով՝ մեր­ժած է կար­գա­լու­ծութիւ­նը եւ հե­տեւա­բար մերժած նաեւ հեռանալ առաջ­նորդա­կան աթո­ռէն եւ իր կար­գին դատ բա­ցած է կա­թողի­կոսա­կան որո­շու­մին դէմ։

Իրաց այս վի­ճակէն բազ­մա­թիւ հար­ցադրումներ կը ծա­գին. նախ՝ ին­չո՞ւ եկե­ղեցա­կան կար­գա­պահա­կան հարց մը լու­ծե­լու հա­մար Կա­թողի­կոսը դա­տարան կը դի­մէ՝ կաս­կա­ծի տակ առ­նե­լով եկե­ղեց­ւոյ ան­կա­խու­թիւնը։ Աս­կէ կը բխի երկրորդ հար­ցադրու­մը, որ թոյլ կու տայ Մա­սեացոտ­նի թե­մի առաջ­նորդին՝ դա­տարա­նին առ­ջեւ վի­ճար­կե­լ Կա­թողի­կոսին որո­շու­մը։ Միւս կող­մէ հարց կը ծա­գի, թէ ին­չո՞ւ Կա­թողի­կոսը կար­գա­լոյծ կը հռչա­կէ միայն Մա­սեացոտ­նի թե­մի առաջ­նորդը, իսկ իր հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջած մնա­ց-

եալ 9 բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րը ան­պարտ կը պա­հէ։ Եթէ դրդա­պատ­ճա­ռը Մա­սեացոտ­նի թե­մի առաջ­նորդին դէմ այն մե­ղադ­րանքն էր, որ ան՝ իրեն են­թա­կայ քա­հանա­ներուն հրա­հան­գած էր մաս­նակցիլ Կա­թողի­կոսին դէմ ցոյ­ցի մը, ապա նոյնպի­սի ամ­բաստա­նու­թիւն կայ նաեւ Յով­հաննա­վան­քի հո­գեւոր հո­վիւին կող­մէ Կա­թողի­կոսին դէմ, որ զինք ստի­պած էր մաս­նակցե­լու Փա­շինեանի դէմ Բագ­րատ արք. Գալստա­նեանի կազ­մա­կեր­պած ցոյ­ցե­րուն… Այստեղ երե­ւան կու գայ կա­թողի­կոսա­կան որո­շումնե­րու կա­մայա­կանու­թիւնը։

Քաղաքական հարցերուն միջա­մուխ ըլլալու կաթողիկոսական տրա­մա­դրութիւնը՝ անոր հոգեւոր առա­քե­լութեան որակին ցուցիչն է։ Սա­կայն, Կա­թողի­կոսին դէմ մե­ղադ­րանքնե­րը միայն քա­ղաքա­կան նա­խաձեռ­նութիւննե­րուն չեն վե­րաբե­րիր. անոնք կ՚եր­թան աւե­լի ան­դին՝ կու­սակրօ­նու­թեան ուխտի խախ­տում, օտար երկրի ծա­ռայու­թիւն, երկրի անվտան­գութեան վնա­սում…։

Միւս կող­մէ, դա­տաիրա­ւական հա­մակար­գին կող­մէ եկե­ղեցա­կան­նե­րուն դէմ քրէական հե­տապնդումնե­րու մեր­ժումը ապա­ցոյցն է պե­տու­թեան կա­րեւո­րագոյն հաս­տա­տու­թեան՝ ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գին տա­կաւին անա­զատու­թեան, շա­հերու բախ­ման դրու­թեան առ­կա­յու­թեան եւ դա­տա­ւոր­նե­րու ան­կա­խու­թեան բա­ցակա­յու­թեան, ինչ որ կը հա­կասէ նաեւ ընդդի­մադիր ճա­կատի այն խօ­սոյ­թին, թէ դա­տաիրա­ւական հա­մակար­գը են­թա­կայ է վար­չա­պետին։ Եթէ այդպէս ըլ­լար, բնա­կանա­բար քրէական վա­րոյ­թը այսքան չէր ձգձգուեր, եւ դա­տավ­ճի­ռը ար­դէն ար­ձա­կուած կ՚ըլլար։

Ժ.Չ. ■