Եւրոպական խորհրդարանը Սեպտեմբեր 15-ին քուէարկութեան պիտի դնէ Հայաստանին մաքսային արտօնութիւններ տրամադրելու հարցը

ԵԽ

Սեպտեմբեր 14-էն 17 Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ է Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի մը համար մաքսատուրքերը առժամաբար ջնջելու առաջարկը. բուն քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին։

Նախագիծը, որուն նախապէս հաւանութիւն տուած էր ԵՄ-ի խորհուրդը, կը նախատեսէ երկու տարուան համար վերցնել հայկական շարք մը ապրանքներու մաքսատուրքերը։ Միաժամանակ, առանց մաքսատուրքի ներածման չափաբաժիններ (quotas) պիտի սահմանուին գիւղատնտեսական ութ տեսակի արտադրանքներու համար, ինչպէս՝ խաղող, ծիրան, կեռաս, դեղձ եւ վարունգ։ Սակայն, նախատեսուած են նաեւ պաշտպանական գործիքակազմեր, որոնք  Եւրոպական Միութեան թոյլ կու տան միջամտել, եթէ հայկական ապրանքներու ներածման աճը բացասաբար ազդէ եւրոպացի արտադրողներուն վրայ։

Այս նախաձեռնութիւնը ուղղակի պատասխան է 2026 թուականի Մայիսէն ի վեր Ռուսաստանի կողմէ հայկական արտածման առանցքային ապրանքներու (յատկապէս՝ ոգելից ըմպելիներ, հանքային ջուրեր, պտուղ ու բանջարեղէն) եւ անոնց տարանցման դէմ կիրարկուող սահմանափակումներուն։ Եւրոպական յանձնաժողովին համաձայն՝ ռուսական այս արգելքները խաթարած են մատակարարման աւանդական շղթաները՝ ծանր հարուած հասցնելով յատկապէս փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն ու գիւղատնտեսներուն։

Եւրոպական Միութիւնը այս քայլը կը դիտարկէ որպէս հայկական տնտեսութեան աջակցելու եւ արտածողներուն համար եւրոպական շուկայ մուտք գործելու այլընտրանքային հնարաւորութիւններ ստեղծելու առժամեայ միջոց։