Փարիզի Տիեզերական վեհաժողովին՝ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի նոր ծրագրերը

Տ-1

Սեպտեմբեր 10-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային տիեզերական վեհաժողովին, որուն բացումը կատարեց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն։ Ներկայ էին նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահն ու եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ։

«Տիեզերական ենթակառոյցներու ապագայի տեսլականները» խորագրով քննարկման ընթացքին վարչապետը ունեցաւ ելոյթ մը՝ շեշտելով, որ Հայաստան կը թեւակոխէ ազգային տիեզերական կարողութիւններու զարգացման նոր հանգրուան մը։ Անոր ելոյթին գլխաւոր կէտերն էին.

  • Նոր արբանեակներու արձակում. 2022-ի «ARMSAT-1»-էն եւ 2023-ի ամբողջութեամբ հայկական «HAYASAT-1»-էն ետք, կառավարութեան 2026-2031 ծրագրով Հայաստան կը նախատեսէ արձակել երեք արբանեակ եւս (երկուքը՝ Երկրի դիտարկման, մէկը՝ հեռահաղորդակցութեան)։ Զուգահեռաբար պիտի զարգանան գետնի վրայ գործող ենթակառոյցներն ու կայաններու ցանցը։

  • Արհեստական բանականութիւն եւ գիտութիւն. Տիեզերքի եւ արհեստական բանականութեան միջեւ կապը ամրապնդելու նպատակով, Հայաստանի մէջ արդէն բացուած է «NVIDIA» ընկերութեան գործակցութեամբ ստեղծուած «Firebird» արհեստական բանականութեան կեդրոնը։ Այս գործընթացին իր մեծ նպաստը պիտի բերէ նաեւ կառուցուող «Ակադեմական քաղաք»-ը։

  • Միջազգային դերակատարութիւն. Փաշինեան կոչ ըրաւ, որ զարգացող երկիրները դադրին միայն տիեզերական արհեստագիտութեան սպառողներ ըլլալէ, եւ դառնան տիեզերական հետազօտութիւններու եւ արտադրութեան աշխուժ մասնակիցներ ու ստեղծողներ։