Արբանեակաշինութիւնը հայկական կրթական հաստատութիւններէն ներս
Screenshot
Հարցազրոյց՝ բնագէտ Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեանի հետ
Մարի-Հրաչուհի Պօղոսեանը Իրաք ծնած բնագէտ է, ՆԱՍԱ-ի (NASA) նախկին աշխատակից, գիտութիւններու դոկտոր եւ դասախօս։ Ան ուսումը ստացած է Անգլիոյ մէջ, ապա երկար տարիներ ապրած ու աշխատած է Միացեալ Նահանգներ, իսկ 2015-էն հաստատուած Հայաստան, ուր կը զբաղի գիտական, կրթական ու նորարարական գործունէութեամբ։
***
«Նոր Յառաջ» – Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Իրաքէն հասաք Երեւան։ Պատերազմը չէր անշուշտ, որ հոս ուղղեց ձեզի, այլ ձեր կողմէ դիտաւորեալ որոշում էր Հայաստան հաստատուիլը։
Հրաչուհի Պօղոսեան – Իրաքի մէջ բնագիտութիւն ուսանած եմ, ապա կը փափաքէի անպայման բարձրագոյն վկայական ունենալ (PHD): 1979-ին առիթը ունեցայ Իրաքէն մեկնելու Անգլիա, ուր չորս տարի յաճախեցի London University-ի Imperial College-ը. աւարտելէ ետք հետազօտական աշխատանքներ ըրի եւ բարեկամներու թելադրութեամբ փոխադրուեցայ ԱՄՆ, ուր սորվեցայ եւ սորվեցուցի, միեւնոյն ատեն աշխատեցայ ընկերութեան մը մէջ: Տեղւոյն ուսումնական շրջանս աւարտելէ ետք, ՆԱՍԱ-ի տնօրէններէն մէկը ինծի առաջարկեց ՆԱՍԱ-ի մէջ աշխատիլ: Ես երբեք տիեզերական սարքաշինութենէն կամ ՆԱՍԱ-էն գաղափար չունէի, բայց ինծի համար կեանքի ուղին մարտահրաւէրներ յաղթահարելն է. գացի եւ 16 տարի աշխատեցայ ՆԱՍԱ-ի մէջ՝ Լոս Անճըլըս: Այս ընթացքին ամուսինս յաճախ կ՚ըսէր՝ դուն Հայաստան շատ աւելի լաւ գործ կ՚ընես, երթանք Հայաստան: Եկանք, երկու տարի ետք տեսայ, որ Հայաստանը aerospace program չունի կամ եթէ նոյնիսկ ունի, մնացորդաց է միայն Բիւրականը: Ուսումնասիրեցի Հայաստանի առկայ aerospace-ի ծրագրերը եւ այս բնագաւառին մէջ գործող ընկերութիւնները:
Երկու ընկերութիւն նկատեցի՝ Բիւրականն ու GeoCosmos-ը, երկուքին ալ հանդիպեցայ: ՆԱՍԱ-ի մէջ աշխատանքս եղած է mission planning-ը եւ արբանեակ սարքելը՝ անոնց գինը հաշուելը, գործարկելը: Վերոյիշեալ երկու ընկերութիւններուն գործունէութիւնը աշխատանքիս հետ առնչութիւն չունէին. Բիւրականինը աստղագիտութիւնն է, իսկ GeoCosmos-ինը՝ Սպանիոյ հետ արբանեակներէ ստացուած նկարներու վրայ աշխատանքը, բայց իմ աշխատանքս բոլորովին տարբեր էր: Ահա թէ ինչու ընկերութիւնս հիմնեցի եւ Երեւանը դարձաւ մեր առօրեայ բնակավայրը, ուր կ՚ուզենք աշխատիլ:
«ՆՅ» – Ուրեմն նոր ընկերութիւն մը հաստատեցիք, որ կը կոչուի «Նորարարութիւններու խթանման եւ հետազօտութիւններու կեդրոն». հետաքրքրական է. ի՞նչ նորարարութիւններու մասին է։
Հ. Պ. – 2018-ին հիմնեցի ընկերութիւնը, Հայաստանը այդ ժամանակ նորարարութեամբ յառաջացած չէր, շատ քիչեր կը հասկնային այդ բառը: Ուսանողներ առի, որ իրենց սորվեցնեմ թէ նորարարութիւնը ի՞նչ է: Նորարարութիւնը ճարտարագիտութիւնն է, նորարարութիւնն է որ կը խթանէ ամէն տեսակի ճարտարագիտութիւն, մա՛նաւանդ aerospace engeneering (օդատիեզերական ճարտարագիտութիւն): Այդ պատճառով էր որ կեդրոնը կոչեցի այդպէս, որուն անգլերէնը՝ Center for innovation, promotion and research է, քանի որ պէտք է նախ նորարարութիւնը խթանենք, հետազօտենք, ապա պատրաստենք ճարտարագէտները: Նորարարութիւնը կու գայ մտածելակերպէն, մտքի արտայայտութիւնն է, գաղափարի յղացումը, որ կը դառնայ ստեղծարար աշխատանք, ապա երբ կը ստեղծուի սարքը, կը դառնայ նորարար, կը սկսինք զայն հետազօտել:
«ՆՅ» – Նաեւ կը դասաւանդէք Երեւանի Պետական համալսարանին, Ամերիկեան համալսարանին, Ճարտարապետական համալսարանին մէջ եւ Ճարտարագիտական քաղաքին մէջ ունիք ձեր կեդրոնը։
Հ. Պ. – Իրականութեան մէջ մեր ջանքերով ծրագիր մը առաջարկեցինք Ճարտարապետական համալսարանին Bachelers degree-ին եւ Masters degree-ին համար, իսկ Ամերիկեան համալսարանի Masters degree-ի ուսանողներուն կը սորվեցնէի նորարարութիւն կիրարկելը, որ կապ ունի արհեստագիտութեան՝ technology-ի հետ:
«ՆՅ» – Եւ այս ամբողջը կապ ունի տիեզերագնացութեա՞ն հետ։
Հ. Պ. – Սկիզբը՝ ո՛չ, մինչեւ 2019, երբ Հայաստանի բարձր Տեխնոլոկիաներու (Արհեստագիտութիւններու) նախարարը դարձաւ Յակոբ Արշակեանը՝ այցելեցինք իրեն եւ մշակեցինք ծրագիր, որ մինչեւ հիմա կ՚օգտագործուի:
«ՆՅ» – Ընդհանրապէս ստեղծարար նորարարութիւնը ի՞նչ դրամագլուխ կը պահանջէ, ո՞վ է ներդրողը այս գործին մէջ։
Հ. Պ. – Սկիզբը ես եւ ամուսինս, բայց հիմա արդէն ունինք հովանաւորներ եւ կը փնտռենք ներդրողներ, որոնք կրնան սատարել մեր աշխատանքներուն, քանի որ արդէն իսկ՝ 2019-էն ի վեր կը զբաղինք տիեզերական սարքաշինութեամբ, կը սորվեցնենք սարքաշինութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ ալ կը պատրաստենք սարքերը:
«ՆՅ» – Պարզապէս տեսութիւն չէ, այսինքն՝ ուսումէն արտադրութեան կ’երթայ։ Այսօր ունիք արբանեակային պայուսակ մը դպրոցներու աշակերտութեան ուղղուած, կը պարզաբանէ՞ք սարքին էութիւնը։
Հ. Պ. – Սարքը պատրաստուած է 9-10-րդ դասարանի աշակերտներուն համար, անոնց կը սորվեցնենք արբանեակին ի՞նչ եւ ինչո՞ւ համար ըլլալը: Երեւանէն սկսանք եւ հիմա հասանք մարզերու դպրոցները: Ուսուցիչները կը նախապատրաստենք գիտելիքներով, իրենց հետ յարատեւ հաղորդակցութեան մէջ կը մնանք եւ յաճախ մրցոյթներ կը կազմակերպենք արբանեակը որոշուած բարձրութենէն արձակելու եւ տուեալները արձանագրելու հմտութիւնները քննելու համար: Իւրաքանչիւր պայուսակ կ՚ընդգրկէ Can sat (պահածոյի տուփի չափով սարք) մը, ուր կը տեղադրուին տարբեր ենթահամակարգեր, որոնք ուժ կ՚առնեն մարտկոցէն, որ ենթահամակարգերուն կը բաշխէ որ բանին: Իւրաքանչիւր ենթահամակարգ տպասալիկ մը եւ պաշտօն մը ունի. մէկը ուղեղն է, միւսը ականջները, ուրիշ մը սնուցիչը՝ ճիշդ մարդու նման: Արբանեակը կը կազմուի, կը փակուի, ալեհաւաքով կը համալրուի, հրթիռով կ՚արձակուի 500 մեթր բարձրութենէն, օդապարիկը կը բացուի եւ արբանեակը մօտ տասնհինգ վայրկեանէն կը հասնի գետին: Բոլոր համակարգերը ռատիօալիքներով կը հաղորդակցին վերգետնեայ կայանին հետ, նոյնիսկ հեռաձայնով կարելի է կապ հաստատել եւ գտնել ալիքները:
«ՆՅ» – Ի՞նչ տեղեկութիւններ քաղելու համար է այս արբանեակը։
Հ. Պ. – Արբանեակները չեն ուղարկուիր եթէ նպատակ չունենան: Մեր այս փոքրիկ արբանեակին նպատակն է չափել տեղական մագնիսական դաշտը, ջերմութիւնը, իր աշխարհագրական դիրքը եւ խոնաւութիւնը: Մենք այս արբանեակին վրայ տեսախցիկ չենք տեղադրած, որ աշակերտը կարենայ հաշուել տուեալները: Մեր ընկերութիւնը ուսանողներ կ՚ընդունի, կը սորվեցնէ իրենց եւ կը պահանջէ: Իրենք կ՚աշխատին learning by doing-ով՝ գործադրել սորվելով կամ սորվիլ գործադրելով, ինչպէս որ կը գործադրուի ԱՄՆ-ու մէջ:
«ՆՅ» – Պայուսակին կողքին կ’աշխատիք նաեւ այլ արբանեակի մը վրայ, որ շատ աւելի լայնածաւալ գործունէութիւն կրնայ ունենալ՝ ուղղակի տիեզերք երթալ եւ ձգողականութենէն դուրս ինքնավար կերպով դառնալ երկրին շուրջ եւ այս արբանեակն ալ շատ մեծ չէ։
Հ. Պ. – Այո՛, չափը 10 սմ. խորանարդ է եւ կը կոչուի մէկ միաւոր: Մէկ միաւորը կրնայ բարձրանալ մինչեւ լուսին, մինչեւ Հրատ, կախեալ անկէ թէ ի՛նչ կը տեղադրենք մէջը: Հիմնականօրէն նոյնն է, ինչ որ կը պարունակէ փոքր արբանեակը: Մէկ միաւոր արբանեակները կրնան հասնիլ մինչեւ լուսին, դառնալ անոր շուրջը եւ վերադառնալ առանց որեւէ դժուարութեան:
«ՆՅ» – Փորձարկա՞ծ էք այս արբանեակը։ Ղեկավարուա՞ծ է ձեր կողմէ։
Հ. Պ. – Այո՛, մեր կողմէ ղեկավարուած է: Հիմա կ’աշխատինք այդ ղեկավարման գործընթացին վրայ: Տիեզերքը կը սկսի 100 քմ. բարձրութենէն: 100-էն մինչեւ 400 քմ. օդի խտութիւնը շատ է եւ մագնիսական դաշտը զօրաւոր է: Եթէ նոյնիսկ մինչեւ 370 քմ. բարձրութեան ուղարկենք արբանեակը, մէկ ամիսէն կը սկսի կամաց-կամաց իյնալ երկրագունդին վրայ, որովհետեւ երկրագունդի մագնիսական դաշտին հզօրութիւնը մեծ է: Իսկ եթէ ուղարկենք լուսին կամ Հրատ, հոն մագնիսական դաշտը թոյլ է, այդ պատճառով հոն արբանեակը կրնայ երկարօրէն շրջիլ առանց իյնալու:
«ՆՅ» – Ուրեմն դուք այս պայուսակը կը նուիրէք դպրոցներուն, որպէսզի բնագիտութեան ուսուցիչները դասաւանդեն իրենց աշակերտներուն։
Հ. Պ. – Այո՛, բնագիտութեան ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն կը դասաւանդեն խմբակներով, որովհետեւ այս տարի Կրթութեան նախարարութենէն ստացանք ենք արտօնութիւն՝ ունենալու արտադասարանային խմբակներ, ուր կը սորվին եւ Pilot study կ՚ընենք, որպէսզի 2027-ին այս ծրագիրը ընդգրկուի դասագիրքերուն մէջ: Հիմա սկսած ենք ոչ միայն ուսուցիչներուն դասաւանդել, այլ նաեւ դասագիրքը գրել. գրեթէ պատրաստ է, որպէսզի երբ Կրթութեան նախարարութիւնը մեզմէ պահանջէ՝ ներկայացնենք զայն:
«ՆՅ» – «Նորարարութիւններու խթանման եւ հետազօտութիւններու կեդրոն»-ը միայն այս պայուսակի՞ն շուրջ կ’աշխատի, թէ՞ ունիք նաեւ այլ ծրագրեր։
Հ. Պ. – Ասիկա մէկ սարքաւորում է, որ ունինք եւ յանձնած ենք բազմաթիւ դպրոցներու: Միեւնոյն ժամանակ կ’աշխատինք մէկ միաւոր արբանեակներուն վրայ, նաեւ կ’աշխատինք վերգետնեայ կայան պատրաստելու վրայ: Կ’աշխատինք նաեւ արբանեակին դիրքը պահելու ծրագրին վրայ, որպէսզի հետագային նաեւ փորձարկենք լուսանկարել արբանեակներով: Այս ծրագրին համար կ’աշխատինք software-ով եւ hardware-ով: Այլ ծրագրով մը կը պատրաստենք շատ փոքր արբանեակներ, որուն չափը կը հասնի մէկ միաւոր արբանեակին մէկ քառորդին: Եւ արդէն իսկ խօսած ենք Անգլիոյ ընկերութիւններուն հետ, որոնք կրնան մեր արբանեակը տեղափոխել իրենց հրթիռներով:
«ՆՅ» – Եթէ ձեր այս նորարարական ծրագրերը բաղդատենք ԱՄՆ-ու, Եւրոպայի, Ռուսաստանի կամ Չինաստանի մէջ եղած ծրագրերուն հետ, ի՞նչ մակարդակի ենք մենք։
Հ. Պ. – Մենք տակաւին 0 մակարդակի ենք: Իրենք այնքան յառաջացած են, որ խնդիրներ կը լուծեն, ո՛չ թէ արբանեակ սարքել կը սորվին կամ տիեզերական սարքաշինութեամբ կը զբաղին: Իրենք տուեալներու կեդրոններ (data centre) կը պատրաստեն տիեզերքի մէջ: Ոչ միայն տուեալներու կեդրոններ, այլեւ, օրինակի համար, մենք շատ լաւ գիտենք, որ երկրագունդին նաւթի պահեստը անվերջ չէ, որովհետեւ ջերմութիւնը ներսէն կ’եռայ, մեր երկրագունդը իր մագնիսական դաշտի ուղղութիւնը արդէն փոխած է՝ նախ արտաքին ջերմութեան պատճառով, յետոյ ոչ մէկը գիտէ ինչու երկրագունդին կեդրոնի երկաթ հեղուկին ուղղութիւնը փոխուած է: Չենք գիտեր ատիկա տիեզերքէ՞ն է, թէ՞ մեր երկրագունդի քարերէն: Այդ պատճառով տարբեր երկիրներ ուսումնասիրութիւններ կ’ընեն, արեւի ճառագայթներէն կ՚առնեն եւ solar cell-երով կը փորձեն դէպի երկրագունդ զօրութիւն ստեղծել, որ երկրագունդին զօրութիւնը (energy) չհատնի:
«ՆՅ» – Ասիկա կ’օգնէ նաեւ մագնիսական դաշտը ուսումնասիրելու։ Եթէ առանցքի ուղղութիւնը փոխուած է՝ կը նշանակէ նաեւ մագնիսական դաշտը փոխուած է։
Հ. Պ. – Շատ խնդիրներ կան: Օրինակ Starlink-ը երբ սկսաւ գործել, կ’ուզէր ամբողջ երկրագունդը կապող ցանց մը ստեղծել: Այս ցանց ստեղծելու մրցոյթին մէջ են ԱՄՆ-ն, Չինաստանը, Հնդկաստանը: Չինաստանը առաջարկեց 1 000 000 արբանեակով իր երկիրը պաշտպանել, ԱՄՆ-ն նոյնպէս հազարաւոր արբանեակներ տեղադրած է Starlink-ով որ երկիրը պաշտպանէ: Ուրեմն երկիրները կը ձգտին պաշտպանել իրենց աշխարհագրական տարածքը, ասիկա տարբեր խնդիրներէն մէկն է: Իսկ ցանցը կապի ցանց է, կապը շատ-շատ կարեւոր է մանաւանդ հիմա երկրագունդին համար: Բացի ատկէ, արդէն 4000 արբանեակ կայ միայն ամենացած ուղեծիրին վրայ, որ low earth orbit կը կոչուի, հոն կը փորձեն արբանեակները շղթաներով կապել իրարու որ ո՛չ թէ աղբ դառնան, այլ մէկը միւսին ուժ տալով վերակենդանանան: Այնպէս որ խնդիրները շատ են, բայց մենք տակաւին Հայաստանի մէջ տոտիկ-տոտիկ կը քալենք:
«ՆՅ» – Այս ոլորտին մէջ դուք միա՞կն էք, թէ ուրիշ ընկերութիւններ կան աշխատող։
Հ. Պ. – Մենք միակն ենք, GeoCosmos-ը կայ, որ արբանեակներէն նկարներ կը ստանայ եւ միայն այդ նկարներուն processing-ը կ’ընէ, այդ պատճառով ալ մեզի պէտք են ֆրանսական, անգլիական, գերմանական եւ ամերիկեան ընկերութիւններ, նո՛յնիսկ RosCosmos-ը մեզի պէտք է, որ կարողանանք այս ոլորտը շուտ ոտքի հանել, որպէսզի յառաջանանք: Մէկ ընկերութիւն կայ հոս, եթէ ընկերութիւն կարելի է կոչել զայն, Mars AMADEE-ն է, որ Հրատի ծրագիրը բերաւ Հայաստան, բայց անոնք Mars analogue-ի ծրագիր են, հոն այնպիսի ծրագրեր կը մշակեն, զորս կրնաս Հրատի վրայ օգտագործել:
«ՆՅ» – Այս բոլոր աշխատանքները կը կատարէք Ճարտարագիտական քաղաքին մէջ։ Երկու խօսքով կրնա՞ք ամփոփել Ճարտարագիտական քաղաքի մտայղացումը եւ օգուտը։
Հ. Պ. – Ճարտարագիտական քաղաքը շատ հետաքրքրական երեւոյթ է. նախ սկսաւ մէկ ընկերութեամբ, բայց հիմա կան տարբեր՝ շուրջ 20 ընկերութիւններ: Incubator ընկերութեան դրութիւն է, այսինքն Ճարտարագիտական քաղաքը առիթ կու տայ, որ ընկերութիւնդ հոն տեղաւորես եւ հոնկէ աշխատիս: Կան երկու աշխատանոցներ, որոնք կրնան տրամադրուիլ ստեղծարար աշխատանքներու. կան ընկերութիւններ որոնք տակաւին ստեղծուած արտադրանք չունին: Մենք բաւարարուած ենք մեր ընկերութեան մէջ տպելով այս ամէն ինչը, որովհետեւ տակաւին լայնածաւալ արտադրութեան չենք հասած: Կան ընկերութիւններ, որոնք անօդաչու սարքերու ստեղծմամբ կը զբաղին, կան ընկերութիւններ ալ, որոնք կապի հաստատմամբ կը զբաղին, կան նաեւ կրթական գործունէութեամբ զբաղող ընկերութիւններ: Ճարտարագիտական քաղաքը կեդրոն մըն է, որ կը համախմբէ այս ամբողջը: Ունի աշակերտական, ուսանողական, ընկերութիւններու յատուկ եւ ընդհանուր engeneering association մը, որուն մէջ կը մտնեն թէ՛ արտադրական մասը, թէ՛ արհեստական բանականութեան տուեալներու հաւաքագրման մասը, թէ՛ դպրոցական մասը, եւ թէ՛ մեր նման ընկերութիւնները: Ունին նաեւ համալսարաններուն առնչուող յաւելեալ հատուած մը, որ Bachelors եւ Master’s degree կու տան կարծեմ համագործակցելով Ազգ. Ակադեմիային հետ:
«ՆՅ» – Շնորհակալութիւն այս հետաքրքրական ոլորտի մասին տեղեկութիւններուն համար. յոյսով եմ՝ դարձեալ առիթը կը ներկայանայ այս նիւթերուն շուրջ խօսելու։
Հ. Պ. – Ա՛նպայման, մենք ալ կ’ուզենք որ այս ոլորտը օր առաջ զարգանայ Հայաստանի մէջ: Մէկ բան կրնամ ըսել, որ եթէ Հայաստանը չունենայ իր տիեզերական գործակալութիւնը (space agency), առաջ չ’երթար:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Հարցազրոյցի տեսանիւթը՝ ստորեւ.-
