Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները այցելած են Արցախ

Դիւանագէտներ

Ըստ ազերպայճանական «APA» լրատու գործակալութեան՝ Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 11-ին երկօրեայ այցելութիւն մը սկսած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ) եւ յարակից շրջաններ։

Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ընկերակցութեամբ, այս այցելութեան կը մասնակցի 58 երկիրներ եւ միջազգային 9 կազմակերպութիւններ ներկայացնող շուրջ 150 հոգինոց պատուիրակութիւն մը։

Ըստ ազերպայճանական կողմի յայտարարութեան՝ դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Քարվաճառի մէջ իրագործուող շինարարական ու ենթակառոյցներու ծրագրերը, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու ներկայ վիճակն ու անոնց պահպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։

Մինչդեռ, ընդամէնը դեռ քանի մը օր առաջ, Կովկասեան ժառանգութեան մշտական դիտարկման միջազգային կեդրոնը (CHW) արբանեակային լուսանկարներով փաստագրած էր Շուշիի պատմական արեւելեան գերեզմանատան ամբողջական ոչնչացումը։ 12-13-րդ դարերու խաչքարերով ու պատմական տապանաքարերով այդ տարածքը հողին հաւասարեցուած է, իսկ անոր մէկ մասին վրայէն այժմ կը կառուցուին կոյուղիի ցանցեր։

https://twitter.com/LindseySnell/status/2098414242005193213/video/1