Փաշինեան. «Հայաստան Սփիւռքի խրատատուն չէ, Սփիւռքն ալ Հայաստանի խրատատուն չի կրնար ըլլալ»

Փաշ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափը կը տեսնէ ոչ թէ փոխադարձ խրատատւութեան կամ օգնութեան, այլ Հայաստանի զարգացման օրակարգի շուրջ գործընկերութեան մէջ: Լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին Փաշինեան որպէս այդպիսի համագործակցութեան օրինակներ առանձնացուցած է «Firebird AI»-ի, ԹՈՒՄՕ-ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամի (COAF) ծրագրերը:

Անդրադառնալով «Հզօր Սփիւռք կը նշանակէ հզօր Հայաստան» բանաձեւի շուրջ վերջին քննարկումներուն՝ վարչապետը նախ հարց բարձրացուցած է, թէ ի՛նչ կ՚ենթադրուի «հզօր Սփիւռք» ըսելով:

“Հզօր Սփիւռք ըսելով, նախ՝ ի՞նչ նկատի ունինք: Մենք նկատի ունի՞նք, որ սփիւռքահայութեան թիւը պէտք է մեծնայ: Սփիւռքահայութեան թիւի աճի պարագային դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան կրնայ հզօրանալ, որովհետեւ սփիւռքահայերու թիւը կրնայ աւելնալ միայն Հայաստանէն արտագաղթի հետեւանքով: Բայց մեր քաղաքականութիւնը ներգաղթն է”,– ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն՝ ներգաղթի քաղաքականութիւնը արդէն արդիւնք կու տայ, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Հայաստան երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ արտագաղթի փոխարէն ներգաղթի միտում արձանագրէ:

Փաշինեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցած խնդիրներուն մէկ մասը կապած է նաեւ պետութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բնոյթի ոչ-լիարժէք ընկալման հետ.

“Երբ Սփիւռք կ՚ըսենք, յաճախ կը մոռնանք, որ անիկա ուրիշ երկրի կը վերաբերի: Երբ կ՚ըսենք, որ մենք հոն այս պիտի ընենք, այն պիտի ընենք՝ կը մոռնանք, որ խօսքը ուրիշ երկրի տարածքի մասին է: Այդ երկրին համար ընդունելի՞ է, որ այլ երկրի կառավարութիւն երթայ եւ ծրագրեր իրականացնէ, հոլովոյթներ կառավարէ: Ասիկա պետութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ հասկացութեան մասին մեր թիւր ըմբռնումին հետեւանքն է”,– նշած է վարչապետը:

Անոր գնահատումով՝ նման ընկալում կրնայ նաեւ լարուածութեան հիմք ստեղծել.

“Հայաստան Սփիւռքի մենթորը (խրատատուն) չէ, պէտք չէ ըլլայ եւ չի կրնար ըլլալ: Սփիւռքն ալ Հայաստանի մենթորը չի կրնար ըլլալ”,– ընդգծած է Փաշինեան:

Վարչապետը խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ սփիւռքի ունեցած ազդեցութեան մասին՝ նշելով, որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ երկկողմանի ըլլալ:

“Մեզի կը թուի, թէ Սփիւռքը այդ երկրին մէջ Հայաստանի ազդեցութեան միջոցն է, բայց հակառակն ալ ի զօրու է, եւ մենք վերջերս տեսանք ատիկա: Սփիւռքն է, որ այդ երկրին համար Հայաստանի վրայ ազդեցութեան միջոց կը դառնայ”,– յայտնած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով Սփիւռքի տնտեսական աջակցութեան նախկին ձեւերուն՝ վարչապետը կրկին յիշատակած է Հայաստան ուղարկուող գործածուած ապրանքներու նիւթը.

“Մենք գործածուած ապրանքներու կարիք չունինք: Եւ այս էջը պէտք է փակել: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք չենք գնահատեր այն ժամանակները, երբ, ի միջի այլոց, գործածուած հագուստի կարիք ունէինք, եւ Սփիւռքը մեզի ատիկա կը մատակարարէր: Մենք ապերախտ չենք եւ կը գնահատենք զայն: Ժամանակ եղած է, որ սոյայի կարիք ալ ունեցած ենք, գործածուած հագուստի կարիք ալ: Իմ ըսածս այն է, որ որակական փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ”,– նշած է Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայի ցանկալի ձեւաչափը զարգացման ծրագրերուն մասնակցութիւնն է.

“Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ինծի համար Firebird-ի նախագիծն է: Բայց Firebird-էն առաջ մենք ունինք ԹՈՒՄՕ-ն: Ինծի համար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկը ԹՈՒՄՕ-ն է: Կամ COAF հիմնադրամի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Երկու կազմակերպութիւններն ալ Հայաստանի զարգացման մէջ արդէն իսկ շատ մեծ եւ շատ կարեւոր ներդրում ունին”,– շեշտած է ան:

Ըստ Փաշինեանի՝ Կառավարութիւնը պատրաստ է խոր համագործակցութեան այն նախաձեռնութիւններուն հետ, որոնք կը համապատասխանեն Հայաստանի պետական օրակարգին եւ Կառավարութեան ռազմավարութեան.

“Մենք այդպէս կը պատկերացնենք մեր յարաբերութիւնները Սփիւռքին հետ՝ որպէս զարգացման օրակարգ: Մենք շնորհակալ ենք եւ բարձր կը գնահատենք բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք նախ եւ առաջ կը համապատասխանեն Հայաստանի պետական օրակարգին եւ Կառավարութեան ռազմավարութեան: Մենք շատ խոր համագործակցութիւն եւ երախտագիտութեան մեծ զգացում ունինք այդ կազմակերպութիւններուն հանդէպ”,– եզրափակած է ՀՀ վարչապետը: