Դեկտեմբեր 7-ին, Փարիզի Maison de la Chimie-ի ընդարձակ դահլիճին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF)։
Ողջոյնի խօսքով ձեռնարկին բացումը կատարեցին CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան։
Նախագահ Յարութիւնեան հանդիսականներուն ներկայացուց Արցախի մէջ ընթացող ընկերա-տնտեսական բազմաթիւ ծրագրերը՝ ուղղուած պատերազմի հետեւանքով բռնի տեղահանուածներու, ռազմավարական խնդիրներու լուծման, բնակչութեան բնականոն կեանքի համար բաւարար պայմաններու ստեղծման:
Առկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու, կատարուող աշխատանքները յաջողութեամբ իրագործելու եւ պատերազմէն ետք ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու համար նախագահը կարեւորութեամբ ընդգծեց համահայկական համախմբուածութեան, իւրաքանչիւր Հայու ներուժի օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:
“Ամէն ոք, ուր որ ալ ըլլայ, իր գիտելիքներու, փորձառութեան, կարողութիւններու, ունակութիւններու ու հմտութիւններու սահմաններուն մէջ պէտք է նպաստէ Հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման: Սա է Հայոց պետականութիւնը ամրացնելու, ժամանակակից յարափոփոխ աշխարհին մէջ մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու միակ ճանապարհը: Մենք այլընտրանք չունինք”,– յայտնեց Արցախի նախագահը աւելցնելով, թէ Ֆրանսայի հայ համայնքը միշտ Արցախի կողքին եղած է ու այսօր ալ կ՚օգնէ ապաքինելու պատերազմի ծանր վէրքերէն եւ դառնալու կենսունակ երկիր` միշտ մնալով հայկական: Արայիկ Յարութիւնեան վստահեցուց, որ Ֆրանսահայերը կը շարունակեն իրենց հայրենանուէր գործունէութիւնը ու կը նպաստեն Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործնական կապերու ա՛լ աւելի զարգացման:
Այնուհետեւ նախագահը պատասխանեց ներկաները յուզող հարցումներուն: Անվտանգութեան առնչուող հարցումին ի պատասխան՝ Յարութիւնեան նշեց, որ Արցախի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը անհրաժեշտ է ապահովել՝ որպէս Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորներ՝ ռուս խաղաղապահներու անժամկէտ առաքելութիւնը Արցախի մէջ, ատոր զուգահեռ աշխատելով լրացուցիչ միջազգային երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին ներկայ էին Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։