Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի «Կապի Փոսթու 3×3» մրցաշարքը
«Նուպար» մարզական միութեան (US Nubar) երէցներու եւ կրտսերներու խումբերը՝ համապատասխանաբար մրցաշարքի յաղթականն ու փոխախոյեանը
Կիրակի, Սեպտեմբեր 13-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսը կազմակերպեց «Կապի Փոսթու 3×3» պասքէթպոլի յաջորդական մրցաշարքը՝ Իսի-լէ-Մուլինոյի իր նորաբաց Մարզամշակութային կեդրոնէն ներս (9 rue Rabelais, 92130 Issy-les-Moulineaux)։ Արական թէ իգական խումբերու համար բաց այս նախաձեռնութիւնը կը միտէր ըլլալ մտերմիկ համախմբում մը, ուր պասքէթպոլի մրցումները ներդաշնակօրէն կը զուգորդուէին հիւրասիրութեամբ՝ ի մեծ ուրախութիւն թէ՛ մարզիկներուն, թէ՛ ալ համակիրներուն։
Օրուան տեւողութեան, իրարու դէմ ճակատեցան տղոց տասնհինգ եւ աղջկանց երեք խումբեր։ Մրցաշարքի աւարտին, «Նուպար» մարզական միութեան (US Nubar) երէցներու խումբը չնչին տարբերութեամբ առաջին տեղը խլեց «Նուպար»-ի կրտսերներէն, մինչ «Միասին» խումբը բարձրացաւ պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին։
2014 թուականէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսը երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպէ այս մրցաշարքը՝ ի պատիւ Միութեան առաջին ատենապետին եւ ամէնէն նուիրեալ դէմքերէն մէկուն։
Մեր սիրելի եղբայր Կապի Փոսթուն իր կեանքին մեծ մասը նուիրած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ 1977-էն սկսեալ մինչեւ իր մահը՝ 2014-ին, ան եղած է Վարչութեան անդամ եւ հանդիսացած՝ Միութեան իսկական շարժիչ ուժը։ Որպէս առատաձեռն բարերար եւ մշտապէս ներկայ ու յանձնառու անձնաւորութիւն՝ ան անսահմանօրէն նուիրուած էր Միութեան եւ անոր անդամներուն։
2000 թուականին «Արժանեաց շքանշան»-ով (Ordre du Mérite) պարգեւատրուած՝ ան, տարիներու ընթացքին սատար կանգնած ու աջակցած է Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսի բոլոր աշխատանքներուն՝ ըլլան անոնք պասքէթպոլի թէ ֆութպոլի խումբերու ստեղծման առաջին քայլերը, կամ տարեկան պարահանդէսի կազմակերպումը, որուն գլխաւոր սիւներէն մէկն էր ան։
Այս մրցաշարքին ընդմէջէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը փափաքի վառ պահել անոր յիշատակը, փոխանցել անոր ժառանգութիւնը նոր սերունդներուն եւ յաւերժացնել եղբայրութեան, բաժնեկցութեան, յանձնառութեան եւ մարզանքի այն արժէքները, որոնք այնքան հոգեհարազատ էին անոր։
