Եւրոպական խորհրդարանը հաստատեց Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ դրութիւնը
Եւրոպական խորհրդարանը այսօր ձայներու ճնշիչ մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին, որով Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ պայմաններ պիտի ստեղծուին։ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան այս որոշումը նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նշանակալից նոր մէկ քայլը։

Առեւտուրի ինքնավար միջոցներ (Autonomous Trade Measures — ATM) սահմանելով՝ Պրիւսէլ կը նպատակադրէ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան՝ յատկապէս ռուսական առեւտրային վերջին սահմանափակումներէն ետք։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն, աւելի քան երկու ամիս առաջ Երեւանի մէջ խօսելով այս մասին՝ յայտարարած էր, թէ Պրիւսէլ մտադիր է մաքսային արտօնեալ դրութիւն սահմանել Հայաստանի համար։
Յիշեցնենք, որ այս միջոցները պիտի ազատականացնեն Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն արտածումներուն շուրջ 80 տոկոսը։ Բայց եւ այնպէս, այս կարգաւորումները պիտի ըլլան որոշ պայմաններով ու միջոցներով, որոնք կը միտին պաշտպանելու Եւրոպական Միութեան շուկան՝ կանխելու համար ներածուող ապրանքներուն ժխտական ազդեցութիւնը եւրոպացի արտադրողներուն վրայ։
Պրիւսէլի առաջարկը կը նախատեսէ 324 ապրանքախումբերու համար ազատ առեւտուրի կարելիութիւն։ Ըստ Եւրոպական Միութեան հաշուարկներուն՝ հայաստանցի գործարարները երկու տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան ընդհանուր առմամբ 5,4 միլիոն եւրոյի չափով մաքսատուրքէ զերծ պիտի կացուցուին։ Եւրոպական գնահատումներով՝ այս արտօնութիւնը պիտի փոխհատուցէ կամ ծածկէ դէպի Ռուսաստան պտուղ-բանջարեղէնի արտածումներուն 99 եւ խմիչքներուն 91 տոկոսը։
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստան այս տարուան Մայիսէն սկսեալ փուլ առ փուլ արգիլած էր զանազան ապրանքներու՝ ներառեալ գիւղատնտեսական մթերքներու, ձկնեղէնի, խմիչքներու, կաթնամթերքի եւ ծաղիկներու՝ Հայաստանէն իր տարածք ներածումը։ Այս սահմանափակումները յաջորդած էին Երեւանի մէջ կայացած եւրոպական երկու վեհաժողովներուն, որոնցմէ մէկուն կը մասնակցէր նաեւ Ուքրաինայի նախագահը։
