Ալֆորվիլի Կապոյտ խաչի սպանական «ճամբորդութիւնը»՝ աւանդական «փայլա»-ի շուրջ

WhatsApp Image 2026-09-15 at 15.28.22

Կիրակի, Սեպ­­տեմ­բեր 13-ին, Ֆրան­­սա­­հայ Կա­պոյտ խա­չի Ալֆորվի­լի «Հե­լէն Բիւ­­զանդ» մաս­­նա­­ճիւ­­ղը կազ­­մա­­կեր­­պեց իւ­­րա­­յատուկ հաց­­կե­­րոյթ մը, որ բա­ցառիկ յա­ջողու­­թիւն ար­­ձա­­նագ­­րեց։ Ներ­­կա­­ները ճա­շակե­ցին «Délice Paëlla»-ի պատ­­րաս­տած հա­մադամ սպա­նական «փայ­­լա»-ն՝ ջերմ ու ամառ­­նա­­յին մթնո­լոր­­տի մը մէջ։

Այս իպե­րեան ճամ­­բոր­դու­­թիւնը ամ­­բող­ջաց­­նե­­լու հա­մար, յետ­մի­­ջօրէն յատ­­կա­նշուե­ցաւ «Lunares Tacones» միու­­թեան ֆլա­մեն­­քօ պա­րող­­նե­­րու ելոյ­­թով։ Անոնք խան­­դա­­վառե­ցին հան­­դի­­սատե­սը՝ հրա­ւիրե­լով զա­նոնք միանա­լու իրենց պա­րահար­­թա­­կին վրայ։ Ան­­տա­­լու­­զեան կշռոյթնե­րուն եւ վա­րակիչ բարձր տրա­մադ­­րութեան ընդմէ­ջէն, տօ­նական ոգին արա­գօրէն հա­մակեց բո­լոր հիւ­­րե­­րը։

Խո­հարա­րա­կան վա­յել­­քէն եւ երա­ժշտու­­թե­­նէն ան­­դին, այս հան­­դի­­պու­­մը մանաւանդ հիանա­լի առիթ մըն էր մէկ­­տե­­ղելու Ալ­­ֆորվի­լի եւ այլ շրջան­­նե­­րու հայ հա­մայնքի ան­­դամնե­րը՝ ու­­րախ եւ տօ­նական պա­հեր բաժ­­նե­­լու հա­մար։ Անի­կա նաեւ ու­­ժե­­րը հա­մա­խմբե­լու գե­րազանց մի­ջոց մըն էր, որպէսզի նոր տարեշրջանը դիմաւորուի խանդավառութեամբ եւ նոր աւիւնով։ ■