Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արտակ Բեգլարեան կը դադրեցնէ նստացոյցը

 

Արցախի Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան կը դադրեցնէ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր Երեւանի ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջև կատարած նստացոյցը։

Ան, Դիմագիրքի իր էջով ողջունած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն յայտարարութիւնները, որոնց մեծ մասը պահանջած է ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը, միաժամանակ նշելով, թէ այդ չի նշանակեր որ իրենց առաքելութիւնը աւարտած է։

«Մենք որոշել ենք նստացոյցի եւ բողոքի արարքների այս տարբերակը փոխարինել մէկ այլ ձեւաչափով` ամէն երեկոյ ժամը 19-ից մի քանի ժամ շարունակ այստեղ կը հաւաքուենք, մտքերի փոխանակում կ՚ունենանք, տեղեկութիւններ կը հաղորդենք ու կը ծրագրենք յաջորդ օրուայ անելիքները, իսկ օրուայ ընթացքում մեր աշխատանքային պարտականութիւնները կը կատարենք, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ կերպով օգտագործենք ժամանակը եւ մեր ունեցած ներուժը»,– գրած է Բեգլարեան։