Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ – Վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Փութինի գլուխ-գլխի զրոյցը

Նախապէս տեղի ունեցած է  եռակողմ հանդիպում մըն ալ Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ 

Դեկտեմբեր 27-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ գլուխ-գլխի զրոյց ունեցած են Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը։

Փութին իր խօսքին մէջ անդրադարձած է տնտեսութեան ոլորտի դրական զարգացման, նշելով թէ ընթացիկ տարուան առաջին 10 ամիսներուն ապրանքներու շրջանառութեան աճը կազմած է 73 տոկոս, որ լաւ արդիւնք է: 

“Երէկուընէ ի վեր մեր զրոյցի գլխաւոր նիւթը Հարաւային Կովկասի իրավիճակի կարգաւորումն է, հայ ազերպայճանական յարաբերութիւնները, այն ամէնը, որ կապուած է Ղարաբաղին։ Յաջողեցանք նաեւ երեքով զրուցել (տե՛ս. ստորեւ – «ՆՅ») նշեալ հարցերու առնչութեամբ։ Եւ ինչպէս համաձայնած ենք մանրամասն կը քննարկենք առկայ խնդիրները”,– ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։

Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեան նշած է.- “Դուք ճիշդ էք, տուեալ պահուն գլխաւոր հարցը այն ճգնաժամն է, որ առկայ է Բերձորի միջանցքին։ Ինչպէս գիտէք, արդէն շուրջ 20 օր է, որ Բերձորի միջանցքը փակուած է։ Միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտին է։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ համաձայն Ռուսաստանի նախագահին, Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետի եռակողմ յայտարարութեան` Բերձորի միջանցքը պէտք է ըլլայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ, եւ Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ ճամբորդողներու, բեռներու, մարդոց առանց խոչընդոտի տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով: 

Այժմ, ըստ երեւոյթին, Բերձորի միջանցքը չի գտնուիր ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ, եւ կը փափաքիմ քննարկել այդ իրավիճակը, թէ ի՛նչ տարբերակներ կան”,– յայտնած է Հայաստանի վարչապետը։

*  *  *

Նշենք, որ թէեւ պաշտօնապէս եռակողմ հանդիպում չէր նախատեսուած, սակայն Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ Դեկտեմբեր 26-ին միասնաբար քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։