HyeConnect. համախմբել հայութիւնը՝ սահմաններէն անդին
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը միաւորել թուային միասնական տարածքի մը մէջ. ասիկա է «HyeConnect»-ի առաջադրանքը՝ հարթակ մը, որ կոչուած է խթանելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնն ու ծրագրերը։
Ալեքսիս Օհանեանի, Էրիկ Իսրայէլեանի, Սերժ Թանգեանի եւ Երուանդ Զօրեանի կողմէ հիմնադրուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտի գործնական շունչ հաղորդել հայկական համայնքներու ցանցային միաւորումին։ Ծրագիրը, որուն տեսլականը ներկայացուած էր 2019-ին Երեւանի մէջ կայացած Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց համաշխարհային համաժողովի (WCIT) ընթացքին, հասցէագրուած է նաեւ Հայաստանի բարեկամներուն։
Իր ներկայացման էջին մէջ հարթակը կը ծանուցէ շարք մը գործիքներու մասին, ինչպէս՝ տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցողներու խմբակներ, զրուցարաններ (forums), ձեռնարկներու կազմակերպում եւ ծրագրերու կառավարում։ Այսպէսով, անդամները կրնան բաժնեկցիլ իրենց հմտութիւնները, հասարակաց հետաքրքրութիւններու շուրջ գործընկերներ փնտռել եւ համադրել հաւաքական նախաձեռնութիւններ։
Հետեւաբար, այս նախագիծին նպատակը կը գերազանցէ անհատներու միջեւ պարզ շփումներու սահմանը. HyeConnect-ը կը ձգտի միասնական տարածք մը տրամադրելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ ծնունդ առնող նախաձեռնութիւններուն համար։
