35-ամեայ «Յարատեւ Պետութիւն»
Հայաստան մեծ շուքով կը նշէ Անկախութեան տօնը
Ճիշդ երեսունհինգ տարի առաջ՝ 1991 Սեպտեմբեր 21-ին, հայ ժողովուրդը միաւորուեցաւ պատմական հանրաքուէի մը շուրջ՝ իր հնչեղ եւ միասնական «այո»-ն ըսելով գերիշխանութեան, ազատութեան եւ պետականութեան։ Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսաւորապէս կը նշէ իր անկախութեան 35-րդ տարեդարձը, իսկ տօնական բոլոր միջոցառումները կը կրեն «Յարատեւ պետութիւն» խորագիրը։ Անոնց նպատակն է արժեւորել անկախութեան ձեռքբերումները, ամրապնդել ազգային ինքնութիւնն ու քաղաքացիական պատասխանատւութիւնը եւ տօնել մեր ազգի տոկունութիւնն ու աննկուն ոգին՝ Հայաստանի եւ համայն Սփիւռքի մէջ։
Այս տարուան տօնակատարութիւններուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած է աննախադէպ՝ 1,3 միլիառ դրամ (շուրջ 3 միլիոն եւրօ) պիւտճէ մը, կազմակերպելու համար վերջին տարիներու ամէնէն ընդգրկուն համազգային ծրագիրը։ Տօնախմբութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն մայրաքաղաքով. Սեպտեմբեր 17-էն ի վեր մարզերուն մէջ ծայր առած են տօնական շքեղ ձեռնարկներ։ Իջեւանի մէջ հնչած են անկախութեան կշռոյթները, մինչ Վանաձորի Հայքի հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ Կապանի եւ Գիւմրիի մէջ, կայացած են սիմֆոնիք-ռոք համերգեր ու մեծ տօնախմբութիւններ՝ Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ։
Այսօր երեկոյեան, ժամը 20.00-ին, Երեւանի սիրտը պիտի բաբախէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր կը սպասուի շուրջ 40.000 հանդիսատեսի մասնակցութիւն՝ տօնակատարութիւններու գագաթնակէտին ներկայ գտնուելու համար։ Անմոռանալի այս երեկոյթը սկիզբ պիտի առնէ հայկական ժողովրդական «Հազարան Բլբուլ» հեքիաթի եւ առասպելի զարդարանքներով պատրաստուած իւրայատուկ պատմամշակութային բեմադրութեամբ։ Ապա տեղի պիտի ունենայ հսկայական կալա-համերգ՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին (ղեկավարութեամբ՝ Սերգէյ Սմբատեանի) եւ «Յովհաննէս Չեքիճեան» ազգային ակադեմական երգչախումբին ընկերակցութեամբ։ Բեմի վրայ ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի լաւագոյն արուեստագէտները՝ Թաթա Սիմոնեան, Իւէթա Մուկուչեան, Արման Յովհաննիսեան, Արամ MP3, Լիպարիտ Աւետիսեան, Գէորգ Յակոբեան, Ռոլանտ Գասպարեան եւ «Կարէն-Սեւակ» խումբը։ Այս տպաւորիչ հաւաքը պիտի պսակուի տօնական շքեղ հրավառութեամբ։
Անկախութեան տօնը համահայկական եւ միջազգային լայն հնչեղութիւն ստացած է նաեւ արտասահմանի մէջ։ Կառավարութիւնը շուրջ 1 միլիոն տոլար տրամադրած է արտասահմանի 51 դեսպանատուներուն՝ հայկական մշակոյթը ներկայացնող ցուցահանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ եւ համերգեր կազմակերպելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանը շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է բազմաթիւ միջազգային հարթակներէ, ներառեալ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութենէն։ Իբրեւ զօրակցութեան եւ տօնական տրամադրութեան խորհրդանիշ, աշխարհի զանազան տեսարժան վայրեր՝ Գանատայի Նիակարայի ջրվէժէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, պիտի լուսաւորուին հայկական եռագոյնով։
Մեր հնամենի ժառանգութենէն մինչեւ ժամանակակից կենսունակ մշակոյթ, իւրաքանչիւր սերունդ կը շարունակէ պահպանել անկախ հայրենիքի տեսլականը։ Թող մեր հայրենիքը շարունակէ մնալ հպարտ, բարգաւաճ, խաղաղ եւ գերիշխան՝ գալիք բոլոր սերունդներուն համար։
