Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն.– «Կը շարունակուին Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբու վերաբացման շուրջ բանակցութիւնները»

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 29-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Արցախի մէջ կատարել իր պարտականութիւնները:

«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական և ազերպայճանական կողմերուն հետ՝ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբով (Բերձորի միջանցքով – խմբ.) ազատ երթեւեկը վերսկսելու համար։ Շրջանի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ազերպայճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու սպայակոյտերուն հետ համագործակցութիւնը եւս կը շարունակուի»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: