Modern Website Header
Website Header with Working Banner

France–24-ի հարցազրոյցը Ռուբէն Վարդանեանի հետ

France-24 հեռատեսիլի միջազգային կայանը Դեկտեմբեր 29-ին, հեռակայ կապով՝ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ կատարեց հարցազրոյց մը, որ տեւեց աւելի քան հինգ վայրկեան։

Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ Արցախի ցուցաբերուած զօրակցութեան համար, հանգամանօրէն, ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուց Պաքուէն հեռավարուող իբրեւ թէ «բնապահ»-ներու կողմէ Բերձորի միջանցքին խափանումով ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին համար, շեշտեց հրատապ լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը։ 

Վարդանեան Արցախի հինէն հայկական պատկանելիութեան մասին ալ որպէս լաւագոյն ապացոյց ըսաւ, որ աւելի քան 16 դար առաջ երբ Մեսրոպ Մաշտոց ըրաւ Հայոց այբուբենի գիւտը, զայն ուսուցանելու համար այս նոյն հողերուն վրայ է, որ բացաւ դպրոցներ։ ■