ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս՝ մեկնաբանելով Ազերպայճանի գործողութիւնները, որոնք Արցախի մէջ ունեցած են մարդասիրական ծանր հետեւանքներ, յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքի փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները։
“Բերձորի միջանցքի շրջափակումը խոչընդոտ կը հանդիսանայ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը”,– ըսած է ան, աւելցնելով, թէ այս հարցին միակ լուծումը բանակցութիւններն են։
Փրայս նաեւ յայտարարած է, թէ Ֆիլիփ Ռիքըր կը հեռանայ Մինսքի խումբի համանախագահի եւ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդականի պաշտօնէն, նշելով, որ ատիկա պիտի չխաթարէ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը։