Փաշինեան ՄԱԿ-ի մէջ. «“TRIPP” ծրագիրը Հարաւային Կովկասը պիտի վերածէ խաղաղութեան խաչմերուկի»
«Կը սպասենք հայ գերիներու վերադարձին»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 24-ին ելոյթ ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ կայացող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին։ Անոր ծաւալուն ճառը կեդրոնացած է Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան հոլովոյթին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման՝ յատկապէս «TRIPP» ծրագրի իրագործման, ինչպէս նաեւ պահուող հայ գերիներու վերադարձին վրայ։
Փաշինեան յիշեցուցած է, որ 2025 Օգոստոս 8-ին՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական ներգրաւումով Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնութիւնը նոր դռներ բացած է Հարաւային Կովկասի համար։ Ան յայտնած է, որ շուտով ՀՀ Ազգային ժողովը պիտի վաւերացնէ TRIPP ռազմավարական համաձայնագիրը։ Այս ծիրէն ներս պիտի ստեղծուի միասնական ընկերութիւն մը, ուր Հայաստան սկզբնական շրջանին պիտի ունենայ 26 տոկոս, իսկ ԱՄՆ՝ 74 տոկոս բաժնեմաս։
Վարչապետը շեշտած է, որ այս ծրագրի գործնական արդիւնքը պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութեան վերաբացումը։ Հայաստան, վերականգնելով Մեղրիի եւ Երասխի երկաթուղային հատուածները, ուղղակի կապ պիտի հաստատէ Ազերպայճանի, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Չինաստանի հետ։ Ըստ Փաշինեանի, միաժամանակ սպասուող Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղիի բացումով, տարածաշրջանը պիտի դառնայ բեռնափոխադրման մեծ խաչմերուկ մը՝ կապելով Եւրոպան Ասիոյ, իսկ Սեւ ծովը՝ Պարսից ծոցին։
Անդրադառնալով մարդասիրական խնդիրներուն՝ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստան կը սպասէ հակամարտութեան հետեւանքով Ազերպայճանի մէջ անազատութեան մէջ յայտնուած հայերու վերադարձին: Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատած է անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանումն ու ականազերծման շուրջ գործակցութիւնը: “Արդէն երկուքուկէս տարի է, որ փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, ինչ որ վերջին տարիներու գործակցութեան մեծագոյն արժէքն է”,– նշած է ան՝ կոչ ուղղելով զերծ մնալու հակամարտային հռետորաբանութենէն ու կեդրոնանալու խաղաղութեան ամրապնդման վրայ:
Խօսելով արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ վարչապետը ողջունած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար արտօնեալ առեւտրային դրութեան սահմանումը։ Ան նշած է, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները այժմ «վերափոխման փուլ»-ի մէջ են՝ խաղաղութեան հաստատման լոյսին տակ։ Ան վերահաստատած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը յառաջ մղելու վճռակամութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Վրաստանի հետ բարիդրացիական կապերու կարեւորութիւնը:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Նիկոլ Փաշինեան ներկաները հրաւիրած է Հայաստան՝ մասնակցելու գալ ամիս կայանալիք Կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովին։
