Իսրայէլի վարչապետը կրկին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն կրկին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը մեղադրելով զայն ժխտելու յանցանքով։
Խիստ քննադատութեան ենթարկելով Էրտողանը՝ Նեթանիահու զայն մեղադրած է նաեւ «Համաս»-ին աջակցելով, լրագրողներուն եւ ընդդիմադիրներուն նկատմամբ ճնշումներ գործադրելով ու քիւրտերուն դէմ բռնութիւններ կիրարկելով:
Նախորդ օր, նոյն ամպիոնէն Էրտողան ալ քննադատած էր Իսրայէլը՝ Կազայի մէջ ստեղծուած կացութեան համար եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած էր աւելի մեծ ճնշում բանեցնելու Թել Ավիվի վրայ՝ Իսրայէլի գործողութիւնները որակելով ցեղասպանութիւն։ Թուրքիոյ նախագահի այս խօսքերէն ետք Իսրայէլի պատուիրակութիւնը լքած է դահլիճը։
Իր ելոյթին ընթացքին Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի յաղթէ իր բոլոր թշնամիներուն: Ան յատկապէս խիստ արտայայտուած է Իրանի հասցէին՝ զայն անուանելով «մարդասպան բռնապետութիւն» եւ պնդելով, որ Իսրայէլի ու ԱՄՆ-ու հարուածները թոյլ չեն տուած Թեհրանին հիւլէական զէնք ստեղծելու։ Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Իրանի ներկայ ղեկավարութեան անկումը «հեռու չէ»։
Նեթանիահուի ելոյթը ընթացած է բողոքի դրսեւորումներով. անոր ելոյթի ընթացքին տասնեակ երկիրներու պատուիրակներ լքած են դահլիճը, հնչած են սուլոցներ եւ դժգոհութեան բացագանչութիւններ։ Դուրս ելլող պատուիրակներուն Նեթանիահու դիմած է ըսելով. «Եթէ հոս դեռ կան բարոյապէս վախկոտներ, որոնք չեն լքած դահլիճը, կը խնդրեմ՝ հիմա լքեցէք»։ Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի շէնքին մօտ եւս բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Իսրայէլի քաղաքականութեան դէմ։
«ՆՅ» – Տարակոյսէ վեր է, որ եթէ Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչցած ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու այսքան յաճախ պիտի չշահարկէր կամ չյիշատակէր զայն։ Այնպէս որ…
