Ամերիկացի փոփ-աստղ Քեյթի Փերին Պաքուի մէջ կը ծածանէ Ազերպայճանի դրօշը՝ շպարելով Ալիեւի բռնապետութեան դէմքը

Քաթի Փերի

Ամերիկացի աշխարհահռչակ փոփ-երգչուհի Քեյթի Փերին (Katy Perry), որ միջազգային երաժշտական աշխարհի ամէնէն ճանչցուած եւ միլիոնաւոր ձայնասկաւառակներ վաճառած աստղերէն մէկն է, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25-ին, ելոյթ ունեցած է Պաքուի «Ֆորմիւլա 1»-ի Կռան Փրիի ծիրէն ներս՝ բեմին վրայ ծածանելով Ազերպայճանի դրօշը:

Ալիեւի դուստրերուն ներկայութեամբ կայացած համերգին, Փերի բազմիցս վանկարկած է «Ազերպայճան», գովաբանած Պաքուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած հրաւէրին համար։ Ազերպայճանական մամուլը անմիջապէս օգտագործած է այս դրուագը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ միջազգային աջակցութիւն իրենց երկրին։

Այս տեսարանը տեղի կ’ունենար ճիշդ այն օրերուն, երբ կը լրանար Արցախի ցեղային զտման, 120 հազար հայերու բռնի տեղահանման եւ Ստեփանակերտի մերձակայքը (Բերքաձոր) վառելանիւթի պահեստի ողբերգական պայթումին (ուր նահատակուեցան 218 հայեր) երրորդ տարելիցը։ Աւելին, «Ֆորմիւլա 1»-ի մրցաշարքը Պաքուի խնդրանքով Կիրակիէն Շաբաթ օրուան տեղափոխուած էր, որպէսզի չզուգադիպի Սեպտեմբեր 27-ին՝ օր մը, որ Ազերպայճանի մէջ կը նշուի որպէս 2020-ի Արցախեան պատերազմի «Յիշատակի օր»։

Մինչ Փերիի եւ անկէ առաջ ալ Ուիլ Սմիթի նման միջազգային աստղերու միջոցաւ Պաքուն կը փորձէ արդարացնել ու մաքրագործել իր բռնապետական վարչակարգին վարկանիշը աշխարհի աչքին, Ազերպայճանի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կը շարունակեն արգելափակուած մնալ 19 հայ պատանդներ։ Անոնց շարքին են Արցախի նախկին նախագահներն ու ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որոնք շինծու դատավարութիւններու կ՚ենթարկուին այն նոյն քաղաքին մէջ, ուր ամերիկացի աստղերը կը փառաբանեն Ազերպայճանը։