«Մանկական Եւրոտեսիլ 2026». 13-ամեայ Նարէն պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ «BOO!» երգով

Նարէ

Հայաստան պաշտօնապէս ներկայացուցած է «Մանկական Եւրոտեսիլ 2026» երգի մրցոյթի իր պատուիրակը. 13-ամեայ Նարէն երկիրը պիտի ներկայացնէ «BOO!» երգով։

Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը (Առաջին ալիք) արդէն հրապարակած է երգին պաշտօնական տեսահոլովակը, որուն բեմադիրն է Արթուր Մանուկեան։ Երաժշտութեան հեղինակն է Լիլիթ Նաւասարդեան, իսկ խօսքերունը՝ Գրիգոր Կէօքճեան։

«Մանկական Եւրոտեսիլ»-ը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին, Մալթայի Թա Քալի քաղաքի Ցուցահանդէսներու եւ համագումարներու կեդրոնին մէջ, ուր Նարէն պիտի մրցի Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած պատանի արուեստագէտներու հետ։