Եւրոպացի յանձնակատարին կոչը ԵՄ-ի սպառողներուն. «Փնտռեցէ՛ք եւ գնեցէ՛ք հայկական ապրանքներ»

Մարթա

Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս կոչ ըրած է եւրոպացի սպառողներուն աշխուժօրէն աջակցելու հայ արտադրողներուն՝ տեղական շուկաներուն մէջ փնտռելով եւ գնելով հայկական ապրանքներ։

«X»-ի իր էջին վրայ Քոս ընդգծած է Հայաստանին առեւտրային արտօնեալ դրութիւն շնորհելու Եւրոպական Միութեան վերջին որոշումը, որուն շնորհիւ կը ջնջուին հայկական արտածումներու շուրջ 80 տոկոսին մաքսատուրքերը. ասոնց շարքին են թարմ պտուղները՝ ծիրանը, կեռասը, լոլիկը, ինչպէս նաեւ ծաղիկներն ու աւանդական համադամները։ Յանձնակատարը դիտել տուած է, որ շուկայի այս մատչելիութիւնը կենսական տնտեսական նշանակութիւն ունի եւ արտածման բազմազանացման հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հայ գիւղատնտեսներուն, որոնք վերջերս կը դիմագրաւեն Ռուսաստանի կողմէ պարտադրուած առեւտրային սահմանափակումները:

Հայկական աւանդական լաւաշի լուսանկարով ընկերակցուող իր գրառման մէջ, Քոս անմիջական կոչ ուղղած է եւրոպացի գնորդներուն. «Յաջորդ անգամ, երբ գնումի երթաք, նախապատւութիւնը տուէք հայկականին»:

Այս քայլը ի յայտ կը բերէ Հայաստանի գիւղատնտեսական եւ արտադրական ոլորտներուն աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական նշանակալի շրջադարձը: ԵՄ-ը, արտօնեալ մուտք ապահովելով հայկական ապրանքներու հսկայական զանգուածի մը, շօշափելի տնտեսական յենարան կը դառնայ Հայաստանին, մինչ երկիրը կը փորձէ ձերբազատիլ ռուսական շուկայէն ունեցած իր պատմական չափազանցեալ կախուածութենէն՝ յատկապէս Վերին Լարսի անցակէտին վրայ յաճախակի դարձած բուսաառողջապահական (phytosanitaire) արգելքներէն եւ բեռնատարներու կուտակումներէն ետք: