Երուսաղէմ – հայ մանուկին յարձակման կասկածեալը ձերբակալուած է
Գրած էինք, թէ Եոմ Քիփուրի օրը Երուսաղէմի Մամիլա շրջանին մէջ 9-ամեայ հայ տղու մը վրայ արտասուաբեր կազ սրսկուած էր։ Այս դէպքին առնչութեամբ 22-ամեայ տղամարդ մը ձերբակալուած է։
Իսրայէլեան ոստիկանութեան համաձայն՝ կասկածեալը մօտեցած է հեծանիւ քշող եւ երաժշտութիւն լսող մանուկին ու անոր վրայ արտասուաբեր կազ սրսկած է։
Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ հետաքննութենէն ետք կասկածեալը ձերբակալուած է Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ եւ հարցաքննութեան համար փոխադրուած Երուսաղէմի ոստիկանատուն։
Դէպքը յատուկ ուշադրութեան արժանացած է, քանի որ տուժողը մանուկ է։ Ոստիկանութիւնը շեշտած է, որ անչափահասներու դէմ բռնութեան եւ ահաբեկման դէպքերուն կը վերաբերի յատուկ խստութեամբ։
