Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ ռուսական կողմը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններ կազմակերպելու Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։
“Այդ մասին մենք տեղեակ պահած ենք թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն, հրապարակաւ ալ անդրադարձած ենք հարցին: Մեր կարծիքով տեղւոյն վրայ պարբերաբար յառաջացող բարդութիւնները պէտք չէ խոչընդոտ հանդիսանան եւ բանակցային գործընթացը սառեցնելու պատրուակ ծառայեն։ Անհրաժեշտ է կարելիին չափ շուտ վերսկսիլ աշխատանքը հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ՝ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ շփումները”,– յայտնած է ռուս դիւանագէտը։
Ինչ կը վերաբերի Բերձորի միջանցքի շրջափակման հարցին, Զախարովա ըսած է, թէ Ռուսաստանի դիւանագիտական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւնները, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը մնայուն կապի մեջ են բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ:
“Աշխուժ ջանքերը կը շարունակուին խնդիրը կարգաւորելու համար։ Ի տարբերութիւն օտարերկրացի դերակատարներու մեծամասնութեան, որոնք կը սահմանափակուին հանդարտութեան կոչերով, ռուսական կողմը տեղւոյն վրայ միջոցներ կը փնտռէ հարցը հանգուցալուծելու նպատակով, տրամադրելով մարդասիրական օգնութիւն”,– շեշտած է ան, Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ընելով քաղաքական կամք դրսեւորելու առկայ տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար: