Վարչապետ. «Հայաստան ներթափանցած ազերպայճանցի զինուորը արտայանձնելու պահանջ չէ եղած»

Ճեպազրոյց

Ազերպայճանի կողմէ որեւէ պահանջ չէ ներկայացուած՝ արտայանձնելու Հայաստանի տարածք ներթափանցած ազերպայճանցի զինուորը։ Այս մասին լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

“Ազերպայճան ինքն ալ քրէական գործ յարուցած է եւ կրնայ ուզել, որ հետաքննութիւն կատարուի։ Եթէ այդ զինուորը Ազերպայճան երթայ, իր տունը պիտի չերթայ, զինք պիտի դատեն”,– նշած է Փաշինեան։

Վարչապետը բացատրած է, որ եթէ ազերպայճանցի զինուորը զէնք չգործածէր, զայն անմիջապէս կը վերադարձնէին. “Խնդիրն այն է, որ ան կրակած է եւ մարդոց տունը մտած է։ Եթէ այս բոլորը չպատահէին, նոյն օրն իսկ զինուորը կը վերադարձնէինք Ազերպայճան”։ Ան նաեւ վերահաստատած է, որ յանցանք գործած զինուորը պիտի չփոխանակուի Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն հետ։

Անդրադառնալով երկրի ներքին արձագանգներուն՝ Փաշինեան յայտնած է իր անհամաձայնութիւնը, թէ այս միջադէպը կրնայ վտանգել խաղաղութեան գործընթացը։ Ան խստօրէն քննադատած է ընդդիմութեան յայտարարութիւնները. “Մեր ընդդիմադիր գործընկերները այնպիսի յայտարարութիւններ կ՚ընեն, որոնք պարզապէս զարմանալի են։ Պատկերացուցէք՝ եթէ նոյն այդ գնահատականները իշխանութիւնը տար, հիմա արդէն խաղաղութիւն պիտի չըլլար”։

Նշենք, որ հայաստանեան ընդդիմութիւնը վերջին օրերուն կը քննադատէ իշխանութիւնները՝ հարց տալով, թէ անվտանգութեան ի՛նչ երաշխիքներ կան, երբ ազերպայճանցի զինուոր մը կրնայ անարգել Հայաստան յայտնուիլ, եւ կը պահանջէ, որ հայկական հողին վրայ յանցանք գործած անձը չյանձնուի Պաքուին։

Միջադէպի մանրամասնութիւնները

Յիշեցնենք, որ Բերձորի (Լաչին) իր զօրամասը ինքնակամ լքած ազերպայճանցի զինուոր Նասիմի Մուսաեւ հատած էր Հայաստանի սահմանը եւ մտած՝ Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղի տուներէն մէկը։ Տանտիրուհին իր երկու անչափահաս զաւակները պաշտպանելու փորձին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած էր (ոտքի հրազէնային վէրք եւ մատներու կորուստ)։

Հոկտեմբեր 1-ին ձերբակալուած զինուորը յաջորդ օրն իսկ կալանաւորուած է՝ ապօրինի սահմանահատման, զէնքի մաքսանենգութեան, զէնքի գործածութեամբ առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու մեղադրանքներով։ Ազերպայճանի մէջ անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած է դասալքութեան յօդուածով։

Վարչապետը նախապէս բացառած էր զինուորին կողմէ դիւերսիոն (սադրիչ-հետախուզական) գործողութեան վարկածը՝ հիմնաւորելով, որ ան ձերբակալութեան ատեն դիմադրութիւն ցոյց չէ տուած եւ անոր զէնքի փամփշտակալը ամբողջական էր (այսինքն՝ այլ տեղ փամփուշտ չէ գործածած)։