Հայաստան կը պատրաստուի ճամբորդներու ստուգումներու՝ Ռուսաստանի մէջ ժանտախտի կասկածելի դէպքէ մը ետք

Ժանտախտ

Հայաստան ուշի-ուշով կը հետեւի Ռուսաստանի մէջ արձանագրուած թոքային ժանտախտի (peste pulmonaire) կասկածելի դէպքի մը զարգացումներուն եւ վտանգի աճին պարագային՝ կրնայ ճամբորդներու համար հաստատել առողջապահական ստուգումներ։ Այս մասին Հոկտեմբեր 7-ին յայտնած է Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան։

Այս զգուշաւորութիւնը կը յաջորդէ Հոկտեմբեր 2-ին Ռուսաստանի Իրքութսքի հակաժանտախտային գիտահետազօտական հիմնարկի աշխատակից, 28-ամեայ Տարիա Շիփիլովայի մահուան, որուն հանգամանքները տակաւին պաշտօնապէս չեն հաստատուած։ Ռուսական իշխանութիւնները զայն որակած են «անծանօթ ծագումով թոքաբորբ», մինչ մօտաւորապէս 200 հոգի բժշկական հսկողութեան տակ առնուած է։

Խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին՝ Ավանէսեան յայտնած է, որ Հայաստան կազմած է յատուկ աշխատանքային խումբ մը՝ զարգացումներուն հետեւելու եւ ի յայտ եկող նոր տեղեկութիւնները ուսումնասիրելու համար։

Եթէ վտանգը մեծնայ, իշխանութիւնները պատրաստ են խստացնելու վերահսկողութիւնը, ինչ որ կ՚ընդգրկէ նաեւ Հայաստան ժամանող ճամբորդներու ջերմաստիճանի ստուգումը։ “Բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պատրաստ են կիրարկուելու՝ ըստ վտանգի մակարդակին”,– նշած է նախարարը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը գործակցի նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ այլ գործընկերներու հետ՝ կացութիւնը գնահատելու եւ յաւելեալ նախազգուշական քայլերու անհրաժեշտութիւնը որոշելու համար։

Ի՞նչ է թոքային ժանտախտը

Թոքային ժանտախտը այս հիւանդութեան ծանր տեսակ մըն է, որ կը հարուածէ թոքերը եւ կրնայ մարդէ-մարդ փոխանցուիլ մօտիկ շփման ընթացքին՝ շնչառական կաթիլներու ճամբով։ Ավանէսեան ընդգծած է, որ մահացութեան վտանգը բարձր է, եթէ հիւանդները ժամանակին չստանան համապատասխան հակամանրէական բուժում։

“Մենք խիստ ուշադրութեամբ կը հետեւինք այս հարցին, կը պահպանենք զգօնութիւնը եւ համակարգուած կերպով կ՚իրականացնենք բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները”,– աւելցուցած է ան։

Ըստ նախարարին՝ ԱՀԿ-ն ներկայիս Իրքութսքի մէջ արձանագրուած կասկածելի դէպքին առնչուող վտանգը կը գնահատէ որպէս միջինէն ցած։ Համառուսաստանեան մակարդակով վտանգը կը համարուի ցած, իսկ ԱՀԿ-ի եւրոպական տարածաշրջանի պարագային՝ շատ ցած։

Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հայկական առողջապահական մարմինները միաժամանակ կը հետեւին ափրիկեան քանի մը երկիրներու մէջ արձանագրուած Էպոլա ժահրի բռնկման վերաբերեալ լուրերուն։