Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի անկախ փորձագէտները Ազերպայճանին կոչ ըրած են հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերումի հարցով անաչառ հետաքննութիւն կատարելու

 

ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի (ՄԻԽ) յատուկ ընթացակարգերու 5 փորձագէտներու Յունուար 27-ին հրապարակած  հաղորդագրութիւնը ուղղուած է Ազերպայճանին՝ 2022 Սեպտեմբեր 13-ին ծայր առած մարտերու ընթացքին ազերական զինեալ ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիները չարչարանքի եւ այլ դաժան վերաբերումի ենթարկելու, հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց ապօրինի սպանութիւններու, հայ զինուորականներու դիերու, ներառեալ՝ կանանց, խեղման ու պղծման, ինչպէս նաեւ պատշաճ բժշկական օգնութիւն չստանալու հետեւանքով հայ զինուորներու մահուան դէպքերու մասին։

Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, որ վերոնշեալ արարքները կրնան պատերազմական յանցագործութիւններ ըլլալ, եւ նման վերաբերումը կը հակասէ Ժընեւի համաձայնագրերուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի այլ պայմանագրերուն։

Փաստաթուղթը ստորագրած մարդկային իրաւանց հարցերու ՄԱԿ-ի անկախ փորձագէտները խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն ներկայացուող մեղադրանքներու վերաբերեալ եւ Ազերպայճանին կոչ կ՚ընեն դադրեցնելու նման քայլերը, կանխարգիլելու անոնց կրկնութիւնը եւ նշեալ դէպքերու անաչառ հետաքննութիւն կատարելու։ Անոնք նաեւ կը յիշեցնեն, որ նախապէս՝ 2020-2021-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ նոյնանման հարցադրումներով արդէն դիմած են Ազերպայճանին, սակայն ցարդ պատասխան չեն ստացած հետաքննութիւններու արդիւնքներուն մասին։ Պատասխան չեն ստացած նաեւ հրադադարէն յետոյ ռազմագերիները ազատ չարձակելու փաստական և իրաւական պատճառներու մասին։ Ազերպայճան նաեւ չէ պատասխանած, թէ ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի բռնի անհետացածներու հարազատները տեղեկութիւն ստանան անոնց ճակատագրին մասին։

Մեր կողմէ յայտնենք, թէ յատկանշական է, որ հաղորդագրութիւնը յստակ կը նշէ Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի մարզերուն ու բնակավայրերուն թիրախաւորումը։