Երեւանը կը նշէ իր 2808-ամեակը

Երեւան-Մասիս

Հայաստանի մայրաքաղաքը այսօր՝ Հոկտեմբեր 10-ին, կը նշէ իր հիմնադրութեան 2808-ամեակը։ «Էրեբունի-Երեւան 2808» տօնակատարութիւնները սկսած են Հոկտեմբեր 9-ին եւ այսօր կը շարունակուին մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Երեւանի հիմնադրութիւնը կը կապուի Ք.Ա. 782 թուականին Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ Էրեբունի ամրոցի հիմնադրութեան հետ։ 

«Սէ՛ր, տօ՛ն, Երեւա՛ն» նշանաբանին տակ քաղաքին տարբեր վայրերը վերածուած են տօնական հարթակներու՝ ճազի, ռոքի, ելեկտրոնային, ռեփի, դասական, ազգային եւ էստրադային համերգներով, մանկական ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ գինիի եւ գարեջուրի փառատօներով։

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան շնորհաւորած է երեւանցիները եւ բնակիչներուն ու մայրաքաղաքի հիւրերուն կոչ ուղղած է ընտանիքներով ու բարեկամներով մասնակցելու տօնակատարութիւններուն։ Օրուան ծրագիրը պիտի աւարտի ժամը 22.45-ին Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ նախատեսուած հրավառութեամբ։