Եւրոպական խորհրդարանը պահանջեց Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը

ԵՄ խորհրդարան

Եւրոպական խորհրդարանը Հոկտեմբեր 8-ին ընդունած է Ազերպայճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ մարդկային իրաւանց վիճակին վերաբերող բանաձեւ մը, որուն մէջ կրկին պահանջած է Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։ Բանաձեւը ընդունուած է 492 թեր եւ 23 դէմ ձայներով։ 

Փաստաթուղթին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը կը յայտնէ իր «խոր մտահոգութիւնը» Ազերպայճանի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու շարունակուող կալանաւորման կապակցութեամբ՝ յատկապէս նշելով Արցախի նախկին բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Ան կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ անոնց հիմնական իրաւունքներուն յարգումը։

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ազերպայճանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան, անկախ մամուլի եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները։ Եւրոպական խորհրդարանը կը քննադատէ նաեւ ԵՄ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները՝ Պաքու կատարած վերջին այցելութիւններուն ընթացքին քաղաքական բանտարկեալներու հարցը հրապարակաւ չբարձրացնելնուն համար՝ զգուշացնելով, որ նման լռութիւնը կրնայ վնասել ԵՄ-ի մարդկային իրաւանց քաղաքականութեան արժանահաւատութեան։ 

Խորհրդարանը միաժամանակ կը պահանջէ, որ ԵՄ-Ազերպայճան յարաբերութիւններու հետագայ խորացումը պայմանաւորուի քաղաքական պատճառներով բանտարկուած անձերու ազատ արձակումով եւ անկախ մամուլի, քաղաքացիական հասարակութեան ու ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներու դադրեցումով։ 

Բանաձեւը կը կրէ «Ալի Քերիմլիի, Անար Մամատլիի եւ Ազերպայճանի այլ քաղաքական բանտարկեալներու գործերը» խորագիրը։ Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական ընթացակարգային էջը կը հաստատէ, որ փաստաթուղթը վերջնապէս ընդունուած է Հոկտեմբեր 8-ին։