Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Փոքրամասնութիւնները թիրախ առնող յարձակման ծրագրե՞ր

 

Կարօ Փայլան դիմած է Ներքին գործոց նախարարին

Ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP) երեսփոխան Կարօ Փայլան Փետրուար 1-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին յանձնած է փոքրամասնութիւններու ապահովութեան վերաբերեալ հարցումներ, ուղղուած՝ Ներքին գործոց նախարար Սիւլեյման Սոյլուին։ Փայլան այդ քայլին դիմած է այն լուրերու լոյսին տակ, ըստ որոնց ԱՄՆ եւ եւրոպական երկիրներ Թուրքիոյ յղած են ապահովութեան նախազգուշացումներ, որոնք կրնան վերաբերիլ նաեւ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններուն։

Փայլան հարց տուած է․

1․ Ճի՞շդ են արդեօք փոքրամասնութիւններուն ուղղուած յարձակման ծրագրերու մասին պնդումները։

2․ Ի՞նչ միջոցներու կը դիմէք փոքրամասնութիւններուն ուղղուած յարձակման ծրագրերը կանխելու համար։

3․ Ինչպիսի՞ քայլերու կը ձեռնարկէք փոքրամասնութիւններու մտահոգութիւնը փարատելու համար։

Նշենք որ, Թուրքիոյ հայկական հիմնադրամներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս համայնքի ղեկավար անձնաւորութիւններուն տարածած էր շրջաբերական մը, ուր կ՚ըսէր, թէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան 3 զինեալ մուտք գործած է Թուրքիա։ Ան կը նշէր, որ ահաբեկիչներուն նպատակը հոգեւոր եւ քաղաքացիական առաջնորդներու դէմ աղմկայարոյց մահափորձեր գործելն է։ Շիրինօղլու  անհրաժեշտ կը համարէր ուշադրութիւն դարձնել զանգուածային, մշակութային ձեռնարկներուն, դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ կը թելադրէր նախազգուշական միջոցներու դիմել կարելիութեան սահմաններուն մէջ։

Յունուար 30-ին ԱՄՆ-ու դեսպանատունը յայտարարութեամբ մը զգուշացուցած էր Թուրքիա գտնուող իր քաղաքացիները «հաւանական ահաբեկչական յարձակումներու» նկատմամբ։

Այդ յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուէր, որ «Եկեղեցիները, սինակոկները, դիւանագիտական առաքելութիւնները որոնք կը գտնուին Պոլիս, յատկապէս Պէյօղլու, Ղալաթիա, Թաքսիմ եւ Իսթիքլալ շրջանները, կը գտնուին ծայրագոյն վտանգի գօտիին մէջ եւ կրնան ահաբեկիչներու վրէժխնդրական յարձակումներուն թիրախ դառնալ»:

Իսկ ի՞նչ վրէժխնդրութեան մասին է խօսքը։

Վերջերս Շուէտի մէջ, օտարատեաց, յա՛տկապէս իսլամատեաց  ծայրայեղ աջակողմեան մը ցուցադրաբար, յաջորդական անգամներ հրկիզած է Քուրանը, ըստ երեւոյթին՝ երկրին իշխանութիւններուն ալ թոյլտւութեան, կամ առնուազն՝ ձեռնպահութեան շնորհիւ։ Այս արարքը մեծ վրդովում ու ցասում պատճառած է իսլամական աշխարհին մէջ. տարբեր երկիրներու, ներառեալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ բողոքի բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան, ծովածաւալ բազմութիւններու մասնակցութեամբ։