«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը հաղորդէ.
«Նկատի ունենալով Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, որ առաւել խորացուց Սուրիոյ արդէն տարիներէ ի վեր շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նիւթապէս կ՚աջակցի Հալէպ քաղաքին մէջ գործող 15, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ կրթական հաստատութիւններուն։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի՝ «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ տրամադրուած 100 հազար տոլարը կ՚ուղղուի այն կրթական հաստատութիւններուն, ուր աշխատող շուրջ 1.100 ուսուցիչներ եւ վարժարաններու անձնակազմը կը ստանան նիւթական աջակցութիւն։
Երկրաշարժէն վնասուած են նաեւ գաղութի կրթական ու եկեղեցական կառոյցներ, անոնց մէջ՝ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը, «Կիլիկեան» վարժարանը և Ազգային Պատսպարանը, հետեւաբար յատկացուած աջակցութեան մէկ մասը կ՚ուղղուի այդ հաստատութիւններու վերանորոգնման։
Այս հրատապ մարդասիրական ծրագիրը կ՚իրագործուի Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող եկեղեցական եւ համայնքային այլ կառոյցներու ներգրաւումով:
Նշենք, թէ սուրիահայութեան նախորդ օժանդակութեան ծրագիրը իրականացուած էր 2020-ին, երբ համաճարակի պատճառով Սուրիոյ մէջ ա՛լ աւելի բարդացաւ առողջապահական եւ ընկերա-տնտեսական իրավիճակը: Հիմնադրամը 70 հազար տոլար տրամադրեց տեղւոյն շարք մը հայկական կրթօճախներուն, ինչպէս նաև պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով բուժուող Սուրիահայերուն։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ երկրաշարժէն տուժածներուն եւ հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Սուրիահայութեան կողքին»: